Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Տիմանի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն ընկերակցեցաւ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենց համար Պքերքէ գլխաւոր հեղինակութիւն է` աւելցնելով, որ ոչ ոք թող մտածէ Պքերքէն գործակալութեան յանցանքով ամբաստանելու մասին:
Ան նշեց, որ պատահած են սխալներ, որոնց լուծումը կարելի է, «սակայն այս հարցը քաղաքական չէ», ըսաւ ան:
Պասիլ աւելցուց, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին թղթածրարը քաղաքական շահագործումի ենթարկուեցաւ, «սակայն Պքերքէ շատ աւելի բարձր է, քան` շահագործումի մշակոյթն ու վնաս հասցնելու հանգամանքը: Պքերքէ օրէնքին ենթակայ է եւ ունի իր արեւելեան օրէնքները, որոնք չեն հակադրուիր ընդհանուր կանոններուն հետ», յայտնեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ երկիրը կառավարութեան կարիք ունի. առաջին` որովհետեւ անիկա բնական է, երկրորդ` որովհետեւ կը դիմագրաւենք անբնական տագնապ մը եւ երրորդ` որովհետեւ անիկա կ՛երաշխաւորէ անիշխանութիւն չստեղծելը: «Մեր հիմնական հարցը այն է, թէ կայ նշանակուած վարչապետ մը, որ որոշած է կառավարութիւն չկազմել` տարբեր պատճառներով: Իսկ ոմանք գրաւ դրած են անիշխանութեան վրայ, որ մերժելի է եւ ոչ սահմանադրական: Բայց եւ այնպէս այդ գրաւին զօրակցողներ կան», շեշտեց Պասիլ:
Ան նշեց նաեւ, որ երկրին երկրորդ հիմնական հարցը այն է, որ բարեկարգումի կամք գոյութիւն չունի` նկատի ունենալով, որ ներկայ ժամանակաշրջանը սպասումի փուլ է` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:
«Չկայ քեփիթըլ քոնթրոլ, չկայ ձեւ մը վերադարձնելու իւրացուած ու դուրս փոխանցուած գումարները, չկայ ծրագիր մը, որ կը վերադասաւորէ դրամատուներուն կառոյցը, եւ աւազակութիւնը կը շարունակուի», շեշտեց ան:
Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն նախագահական թափուր աթոռը եւ պիտի աշխատին, որ նման բան չպատահի: Ան նկատել տուաւ, որ դժբախտաբար նախագահական ընտրութիւնը մեծ փոփոխութիւն պիտի չյառաջացնէ, սակայն պէտք է կատարուի:
«Մենք կը զօրակցինք ուղղակի ժողովուրդին կողմէ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան», ըսաւ Պասիլ` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցչութիւնը ամէնէն կարեւորն է: «Ան պէտք է իր կողքին ունենայ կշիռ ներկայացնող պլոք մը, եւ կտրականապէս մերժելի է հանրապետութեան նախագահը գետնէն անջատել», շեշտեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ կը մերժեն ներքին կամ արտաքին ճնշումով Լիբանանին հանրապետութեան նախագահ պարտադրել:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար իր պատգամ երկիր ըլլալու իրականութեամբ գոյատեւել, եթէ աշխուժ չէզոքութիւն չապրի: «Կարելի չէ երկիրը այլոց տագնապներուն մէջ խրել, իսկ չէզոքութիւնը ժամանակաւոր կեցուածք չէ, այլ` շինիչ երկխօսութեան ոճ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին հանրապետութեան նախագահի մը, որ Լիբանանը կը փրկէ տագնապներէն` աւելցնելով, որ այս փուլին կարելի չէ այս կամ այն թեկնածուին անուան մասին իմանալ` առանց գիտնալու երկիրը փրկելու անոր պատկերացումը: