ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1446 վարակուածներ եւ մահացած է 4 պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 31.825 լ. ոսկիի:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ շահերու եւ յանձնառութիւններու բեռէն անկախ է ու Լիբանանի շահերը դարձուցած է ուշադրութեան իր կիզակէտը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այսօր կէսօրուան ժամը 12:30-ին Մեհրապի մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ սահմանադրական յաջորդ գործընթացը կը պահանջէ համախոհութիւն գոյացնել անձնաւորութեան մը շուրջ, որ հաղորդակցելու կարողութիւն ունի տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը այս հայրենիքին յաւելեալ արժէք կու տայ եւ անոր համար իսկական անկախութիւն ու գերիշխանութիւն կ՛ապահովէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զօրութիւնը կ՛երաշխաւորէ ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը:


