Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծովային Սահմանագծումի Դրական Նշոյլնե՞ր

Օգոստոս 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Քարին Հարար, անդրադառնալով Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի թղթածրարին, յայտնեց, որ Իսրայէլ Լիբանանին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որ իր կարծիքով լաւ առաջարկ մըն է: «Այդ առաջարկը Լիբանանը պիտի վերածէ կազ արտահանող երկրի մը, որ ինքնին երեւոյթ է` նկատի ունենալով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ տագնապ, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի լուրջ տագնապ մը, իսկ լիբանանցիները այդ երկրին մէջ օրական միայն երեք կամ չորս ժամուան ելեկտրականութիւն ունին, հետեւաբար այս իրականութիւնը անոնց կացութիւնը կրնայ փոխել», ըսաւ ան:

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարար յայտնեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի համար ոսկի առիթ մը կայ անուղղակի բանակցութիւնները յաջողցնելու` մաղթելով, որ Լիբանան ընդունի Իսրայէլի ներկայացուցած լաւ եւ շինիչ առաջարկը, եւ ուղղուի դէպի լուծում:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իսրայէլ Հըզպալլայի սպառնալիքին ենթակա՞յ դարձած է, Հարար ըսաւ. «Հըզպալլա միշտ ալ կը սպառնայ, ատիկա նորութիւն չէ: Մենք կը բանակցինք լիբանանեան պետութեան հետ եւ ոչ թէ այլ գոյացութեան: Ի վերջոյ մեր նպատակը ծովային սահմանագծում կատարելն է, եւ անիկա կը ծառայէ թէ՛ Լիբանանի եւ շրջանի շահերուն, ինչպէս նաեւ շրջանի կայունութեան»:

Հարար նշեց նաեւ, որ բնական կազի թղթածրարը միայն Իսրայէլն ու Լիբանանը չի հետաքրքրեր, այլ` ամբողջ աշխարհը: Ան յայտնեց, որ շաբաթական դրութեամբ Իսրայէլ եւրոպական երկիրներէ կը ստանայ մեծ թիւով նամակներ, որոնք ուժանիւթի հարցի լուծման միջոցներու եւ ձեւերու որոնումին կը վերաբերին:

Միւս կողմէ, լիբանանեան լրատու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութենէն խումբ մը, որ պատասխանատու է թիւ 9 նաւթահորի պեղումին, Լիբանանի մէջ վարձած է պանդոկի մը 150 սենեակները` նոյեմբեր ամսուան համար:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի չկարենայ կազ արտահանել, եթէ ոմանք Դիմադրութեան հետ չափուին: Ան կ՛ակնարկէր շրջանառութեան մէջ դրուած ամերիկեան կողմին այն յայտարարութեան, որ ինչպէ՞ս կարելի է Լիբանանին արտօնել, որ կազ արտահանէ Դիմադրութեան ներկայութեան:

Իր կարգին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի գործադիր հարցերու օգնական Մոհամետ Եաղի հաստատեց հետեւեալը. «Պիտի չարտօնենք, որ թշնամին իր նաւթէն ու կազէն կաթիլ մը իսկ արտահանէ, եթէ սահմանագծումէն ետք` մինչեւ սեպտեմբերի վերջ մենք ալ արտահանած չըլլանք մեր բնական հարստութենէն»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մուրթատա. «Լիբանանցիները Կարող Են Թշնամիէն Իրենց Իրաւունքներուն Տիրանալ` Հիմնուելով Իրենց Նիւթական Եւ Զինուորական Հարստութիւններուն Վրայ»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?