Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամառնային Թելադրանքներ

Օգոստոս 13, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Այս ամառնային երկար արձակուրդին մենք յաճախ առիթը ունինք տունէն դուրս ելլելու, երթալու ծով, կամ գիւղ… Սակայն չմոռնալով, որ արեւը կիզիչ կ՛ըլլայ յատկապէս որոշ ժամերու: Ճիշդ է, որ ան օգտակար է, սակայն մենք պէտք է գիտնանք նաեւ պաշտպանուիլ անոր վնասակար ճառագայթներէն:

1.- Արեւուն մասին

Արեւը տարբեր տեսակի ճառագայթներ կ՛արձակէ: Անոնց շնորհիւ մարդ արարածները, անասունները եւ բոյսերը կրնան ապրիլ երկրագունդին վրայ. սակայն արեւուն կարգ մը ճառագայթներ շատ վտանգաւոր են. անոնք UV անդրմանիշակագոյն (ալթրավայըլեթ) ճառագայթներ են:

Մեր երկրագունդը շրջապատուած է մթնոլորտով, որ կազերու խաւերէ կազմուած է: Մթնոլորտն է, որ մեր երկրագունդը կը պաշտպանէ: Այս ձեւով, ամպերուն եւ օզոնի խաւին օգնութեամբ, ան արգելք կը դառնայ այդ վտանգաւոր ճառագայթներուն մեծ մասին` թափանցելու մեր օդին մէջ եւ հասնելու մինչեւ մեզի. սակայն երբ այս վտանգաւոր ճառագայթները գտնեն միջոցը թափանցելու մթնոլորտին ընդմէջէն. անոնք կրնան այրել մեր մորթը եւ վնաս հասցնել մեր աչքերուն:

Արեւը մեր մարմինին մեծ օգտակարութիւն ունի. ան կ՛օգնէ մեր մարմինին մէջ հաստատելու Տ. կենսանիւթը, որ անհրաժեշտ է առողջ ըլլալու համար: Այս պարագային, օրական 15-20 վայրկեան արեւուն տակ մնալը բաւարար է: Հետեւաբար, երբ պիտի ուզես արեւուն տակ մնալ, միտքդ պահէ հետեւեալ թելադրանքները:

– Փորձէ արեւուն տակ չմնալ կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
– Երբ արեւուն տակ ըլլաս, լայնեզր գլխարկ մը դիր, վիզդ ծածկէ, կամ շուքին նստէ:
– Թի-շըրթ մը հագուիր:
– Արեւէն պաշտպանող զօրաւոր քրեմով օծէ մարմինդ, նուազագոյնը` ամէն երկու ժամը անգամ մը:
– Արեւի յատուկ ակնոցներ դիր, անոնց ապակիները անդրմանիշակագոյն ճառագայթներուն դէմ պաշտպանող տեսակի պէտք է ըլլան:

Իսկ վերջապէս, գիտէի՞ր, թէ մենք աւելի զգայուն կ՛ըլլանք արեւուն տակ, եթէ մեր մորթին գոյնը աւելի ճերմակ է, մեր մազերուն գոյնը` կարմիր կամ դեղին, եւ մեր աչքերուն գոյնը` աւելի բաց:

2.- Կարելի՞ է լողալ ուտելէ ետք

Դուն յաճախ լսած ես այն նախադասութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ ուտելէն անմիջապէս ետք վտանգաւոր է լողալ, պէտք է մօտաւորապէս 3 ժամ սպասել դէպի ջուր դարձեալ ուղղուելէ առաջ…

Այս նախադասութիւնը յաճախ կը կրկնուի: Այս զգուշութեան պէտք է դիմել խուսափելու համար մարմինին եւ ջուրին միջեւ ջերմաստիճանի մէջ տարբերութեան պատճառով ջերմային վտանգաւոր ցնցում մը չապրելու համար… Սակայն արդեօ՞ք այս հաստատումը գիտական հիմք ունի:

Բժիշկները կ՛ըսեն, որ վտանգ չկայ ուտելէ անմիջապէս ետք լողալու պարագային: Ճիշդ է, որ մարսողութեան աշխատանքը կը տեւէ մօտաւորապէս 3 ժամ, եւ այս գործողութիւնը կը բարձրացնէ մեր մարմինին ջերմաստիճանը: Սակայն ան չի հասնիր ջերմային ցնցում յառաջացնելու աստիճանին:

Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կէսօրուան ճաշի պահերուն է, որ արեւը կիզիչ կ՛ըլլայ եւ ջերմաստիճանը շատ բարձր… եւ անշուշտ այս պարագային նախընտրելի է արեւուն տակ չգտնուիլ եւ չլողալ այդ ժամերուն:

Նոյն ձեւով, երբ ջերմաստիճանը շատ բարձր է, մեր մարմինն ալ շատ կը տաքնայ, սակայն ջուրը կրնայ տակաւին բաւական պաղ ըլլալ: Հետեւաբար, այս պարագային, նախընտրելի է կամաց-կամաց ջուր մտնել եւ վիզը թրջել մեր մարմինը վարժեցնելու համար ջերմաստիճանի տարբերութեան եւ այս ձեւով խուսափիլ ջերմային ցնցում յառաջացնելէ:

Ձկնորսներու Կողմէ Բռնուած
Ամէնէն Մեծ Ձուկը

Քամպոտիոյ մէջ ձկնորս մը կրցած է որսալ 300 քիլօ կշռող կատուաձուկ մը Մեքոնկ գետին մէջ: Այս հսկայ կատուաձուկը անուշ ջուրի մէջ բռնուած ամէնէն մեծ ձուկն է:

Այս ձուկին տրուեցաւ Պորամի անունը, որ տեղական լեզուով կը նշանակէ «լման լուսին», յատկապէս` իր կերպարանքին պատճառով: Անոր վրայ ելեկտրոնային չիփ մը դնելէ ետք, անոր շարժումները եւ ապրելակերպը ուսումնասիրելու համար, անասունը դարձեալ ջուրին մէջ ազատ արձակուեցաւ տասնեակ մը անձերու օգնութեամբ:

Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր ուրիշ տեսակի  կատուաձուկի մը, որ բռնուած էր Թայլանտի մէջ 2005-ին եւ կը կշռէր 293 քիլօ:

Հանելուկներ

1.- Ի՞նչն է, որ վեր-վար կ՛իջնէ, բայց անշարժ է:
2.- Ո՞ւր կարելի է գտնել առանց ջուրի ովկիանոս մը:
3.- Անիին հայրը ունի 5 աղջիկներ. Նանա, Նէնէ, Նինի, Նօնօ: Ի՞նչ է հինգերորդի աղջկան անունը:
4.- Ի՞նչն է, որ պէտք է կտրես զայն գործածելէ առաջ:
5.- Երկար եմ, երբ երիտասարդ եմ, կարճ եմ, երբ ծեր եմ եւ շատ կը սիրեմ տարեդարձ տօնել: Ո՞վ եմ ես:
6.- Ի՞նչն է, որ աւելի փոքր կը դառնայ, երբ զայն դէպի վար կը դարձնես:
7.- Ո՞րն է ամէնէն դիւրին միջոցը` դրամդ կրկնապատկելու:
8.- Ի՞նչն է, որ ճերմակ է, երբ աղտոտ է, եւ սեւ, երբ մաքուր:
9.- Ի՞նչն է, որ աւելի կը մեծնայ, երբ անկէ կը նուազեցնես:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Մտածենք

Ամառ է, եւ օդը` շատ տաք: Արմէնեան ընտանիքը կ՛ապրի մեծ տան մը մէջ եւ պարտէզին մէջ ունի լողաւազան մը:

Հետեւաբար իրենց զաւակը թաղեցի ընկերները կը հրաւիրէ իրենց տունը` լողաւազանէն օգտուելու համար: Անոր մայրը պատանիներուն կը հրամցնէ պաղպաղակ` զովանալու համար:

Վարի բացատրութիւններուն հետեւելով` կրնա՞ս գիտնալ իւրաքանչիւր պատանիի անունը մականունը, տան թիւը եւ սիրած պաղպաղակը:

1.- Արմէնեան ընտանիքը ունի մէկ աղջիկ:

2.- Լեւոնը կիտրոնի համով պաղպաղակ կ՛ուտէ, իսկ Յովսէփեանը ելակի պաղպաղակը կը նախընտրէ:

3.- Թալինը կ՛ապրի թիւ 10 տան մէջ:

4.- Պետիկը կ՛ապրի այն տան մէջ, որուն թիւը աւելի մեծ է, քան` վանիլլայով պաղպաղակ ուտող պատանիին տան թիւը, բայց աւելի փոքր է, քան` Մարկոսեաններուն զաւակին տան թիւը:

5.- Թիւ 14 տան մէջ ապրող պատանին տուրմով պաղպաղակ չի սիրեր, իսկ Թագւորեան ընտանիքին զաւակը վանիլլայով պաղպաղակ չի սիրեր:

6.- Թագւորեան ընտանիքին զաւակը թիւ 8 տան մէջ չ՛ապրիր:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած վարի ցանկին մէջի թիւերը:

 

Հանելուկներուն Պատասխանները

1.- Աստիճանները, 2.- Քարտէսին վրայ, 3.- Անի, 4.- Հաւկիթ, 5.- Մոմը, 6.- Թիւ 9-ը, 7.- Զայն հայելիին առջեւ բռնել, 8.- Գրատախտակը, 9.- Ծակը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Աստուածածինը` Տիպար Մայրը Քրիստոնեայ Անհատին

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?