Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպառողներու, Ջուրի Եւ Օդերեւութաբանութեան Օրերը

March 3, 2012
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը մարտ ամսուն կը նշէ նաեւ երեք ուրիշ օրեր. 15 մարտը` իբրեւ Սպառողներու իրաւունքներու  պաշտպանութեան օր, 22 մարտը` իբրեւ Ջուրի համաշխարհային օր, եւ 23 մարտը` իբրեւ  Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային օր:

Առաջին անգամ Սպառողներու իրաւունքներու  պաշտպանութեան օրը տօնած են 1983 թուականին: Երկու տարի անց` 1985 թուականին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունած է սպառողներու իրաւունքներու  պաշտպանութեան ղեկավար սկզբունքները: Այդ սկզբունքներու ընդունումէն ետք  սպառողական իրաւունքները ձեռք բերած են միջազգային ճանաչում եւ օրինականութիւն:  ՄԱԿ-ի բանաձեւի ընդունումը նպաստած է, որ այս ասպարէզին մէջ կայանայ միջազգային համագործակցութիւն:

Ամէն տարի ՄԱԿ-ի հովանիին ներքոյ 22  մարտին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան` նուիրուած մեր կեանքի ու կենցաղի անբաժան մաս դարձած ջուրին: Այդ ձեռնարկներուն ընթացքին մէկ անգամ եւս կը շեշտուի, որ մարդուն կեանքը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց ջուրի, սակայն մարդոց գիտակցութեան մէջ ջուրի կարեւորութեան նշանակութիւնը անտեսուած է. ջուրը այսօր աշխարհին մէջ չի գործածուիր խնայողաբար, մինչդեռ տագնապ կայ, որ հարիւրամեակներ ետք աշխարհի ջուրի պաշարները կրնան սպառիլ:

… Մեզմէ շատեր ամէն առտու կամ երեկոյեան սովորութիւն դարձուած են  ունկնդրելու  եղանակի տեսութիւնը, որ մեզի համար կը պատրաստեն օդերեւութաբանները, մասնագէտներ, որոնց աշխատանքին այսօր կը հետեւին մեծ ընկերութիւններ` իրենց աշխատանքն ու օրը արդիւնաւէտօրէն  ծրագրելու համար:

Աշխարհի օդանաւային, ծովագնացութեան եւ այլ մեծ ընկերութիւններ ոչինչի կը ձեռնարկեն` առանց հետեւելու եղանակի տեսութեան:

Եղանակի կանխագուշակման աւանդութիւնը նոր չէ. տակաւին 17-18 դարերուն մարդիկ  սկսած են  ամէնօրեայ տեղեկութիւններ  արձանագրել սպասուող եղանակին մասին: Իսկ ճնշաչափի (պարոմեթր) յայտնագործումէն  ետք փորձեր  կատարուած են եղանակի փոփոխութիւնները կանխատեսել մթնոլորտային ճնշման փոփոխութեամբ:

Ճիշդ է` Միջազգային օդերեւութաբանական կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1872 թուականին, սակայն օդերեւութաբանութեան օրը աշխարհի մէջ սկսած է նշուիլ 1961 թուականէն սկսեալ:

(Օգտագործուած աղբիւր` ՄԱԿ-ի կայքէջ)

Պատրաստեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նախորդը

Կրկէսի Դպրոցը

Յաջորդը

8 ՄԱՐՏԸ` ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.