Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Արտակարգ Դրութեան Պարագային Բանակի Օգտագործման Մասին Նոր Օրէնքը. Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեց Քուէարկութիւնը

March 2, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանի անդամերը մէկ վայրկեան յոտնկայս կը յարգեն 1 մարտի դէպքերուն յիշատակը

Հայաստանի խորհրդարանը ընդունեց «Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգագիճակի մասին» օրինագիծը:

Երկար քաշքշուքէ ետք, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք օրէնքը ընդունուեցաւ 67 «թեր», 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ, իսկ ընդդիմադիր պատգամաւորները պոյքոթի ենթարկեցին չմասնակցեցան քուէարկութեան:

Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք իշխող համաձայնական կառավարութեան բոլոր պատգամաւորները դուրս ելան սրահէն` յառաջացնելով Ժառանգութեան խմբակցութեան պատգամաւորներու դժգոհութիւնը: Անոնք նկատել տուին, որ ատիկա յատուկ կատարուած է, որպէսզի կարելի չըլլայ համեմատել ցուցակին մէջ արձանագրած պատգամաւորներուն եւ սրահին մէջ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքները:

Իր կարգին, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով կոչ ուղղեց ընդդիմադիր պատգամաւորներուն խօսելու ոչ թէ ենթադրութիւններով, այլ որոշակի անուններ նշելով: Անկէ ետք պատգամաւորներ անցան օրակարգի միւս հարցերուն քննարկման:

Քուէարկութենէն առաջ մթնոլորտը բաւական լարուած էր:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեան որոշած էր կանգնած հետեւիլ միւս պատգամաւորներու քուէարկութեան, որպէսզի մէկը միւսին փոխարէն չքուէարկէ:

Էդուարդ Շարմազանով անկէ խնդրեց նստիլ իր տեղը : Այդ գծով ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ պատգամաւորը իրաւունք ունի գտնուելու սրահին մէջ որեւէ տեղ: Նիկոյեան իր կարգին վստահեցուց, որ քուէարկութեան վահանակը երկար ժամանակ պիտի գտնուի պատգամաւորներու տեսադաշտին մէջ եւ անոնք կրնան համեմատել արդիւնքները: Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ, որ սրահի պատկերը աւելի հետաքրքրական է, քան ցուցակը:

«Արտակարգ դրութեան իրաւական կարգավիճակի մասին օրինագիծը» առաջին ընթերցումով ընդունուած էր 9 փետրուարին, սակայն անկէ ետք վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի առաջարկով ուղարկուած էր լրացուցիչ մշակման ենթարկելու, որմէ ետք ատիկա դրուեցաւ Ազգային Ժողովի քննարկման` արագացուած կարգով:

Ընդդիմութիւնը այս օրինագիծը հակասահմանադրական կը նկատէ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հրաւիրեց Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

Յաջորդը

Աբխազիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն 11 Հայ Թեկնածու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.