Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն` պարզաբանելով, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 30-էն 31 յուլիսի լուսցող գիշերը հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ չեն բացած:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համաձայն, իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է, կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ: