Երէկ` կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Հայաստանի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը` Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը:
Հայ առաքելական եկեղեցին Պայծառակերպութեան տօնը կը նշէ նաեւ Վարդավառ անուանումով: Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Վարդավառը կը յիշուի իբրեւ շարժական տօն, Զատիկէն 98 օր ետք, եւ կ՛իյնայ որեւէ կիրակի` յունիս 28-էն մինչեւ օգոստոս 1:
Վարդավառը ամառնային տօն է եւ կապուած է ջուրի պաշտամունքին հետ: Երեւանի եւ շրջաններուն մէջ հայորդիները Վարդավառը նշեցին իրարու վրայ ջուր արձակելով: