ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ԴՊՐԱՑ, ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՆՈՐ ՄԻՒՌՈՆԻ ԸՆԾԱՅՈՒՄ
Կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Վարդավառի տօնին առիթով Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի դպիր-դպրուհիներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութեան կարգ: Յաւարտ Ս. պատարագի` տեղի պիտի ունենայ սրբալոյս նոր միւռոնի ընծայում եւ ջրօրհնէք:
Դպրութեան կարգ պիտի ստանան` Ծերոն Մահտեսեան, Հայկանա Մուրատեան, Ցօղեր Չուալերթանեան, Հերմին Գազանճեան, Աննա Գազանճեան, Շողակ Մակոլեան, Վարդի Չայլեան:
Կիսասարկաւագ պիտի ձեռնադրուին` Հրակ Մամիկոնեան, Րաֆֆի Քէշիշեան, Յակոբ Ապրումեան:
Պիտի պատարագէ, ձեռնադրութիւնը կատարէ եւ Սրբալոյս նոր միւռոնով ջրօրհնէք կատարէ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց եւ աղօթելու եկեղեցւոյ ծառայողներուն համար:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը կարիքը ունի տնօրէնի օգնական քարտուղարուհիի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին` recruitment.78@outlook.com.
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին բոլոր դասարաններու` մանկապարտէզէն ԺԲ. կարգերու, իրենց զոյգ մասնագիտութիւններով` Life Science եւ Socio-Economics, առաւել` BT վարչագիտութիւն (Administration) 5-էն 26 յուլիս, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-12:00:
Պուրճ Համուտի եւ Ֆանարի շրջաններու աշակերտութեան համար փոխադրակառքերը անվճար են:
Նորութիւն. տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, թէ պատրաստ է ընդունելու 2 տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-241541 թիւին:
Դէպի լուսաւոր ապագայի միակ հասցէն` Ազգային միացեալ վարժարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.- Հարազատ հայկական մթնոլորտ կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
2.- Բարձրորակ ուսում կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
3.- Օտարահպատա՞կ էք եւ օտար ծրագիրի՞ կ՛ուզէք հետեւիլ, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք (mentally challenged) անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
5.- Լիբանանեան պրէօվէ, պաքալորիա՞ կ՛ուզէք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր կանաչապատ տարածութեամբ ընդարձակ խաղավայրերով, մասնագէտ ուսուցիչներով հոգեբանական խմբակով եւ ծառայասէր պաշտօնեաներով կը սպասէ ձեզի:
– Օսի Քէսմէեան մանկամսուրը 6 ամսականէն սկսեալ փոքրիկներ կ՛ընդունի: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին 4 ամիսները (սեպտեմբերէն-դեկտեմբեր) ձրի են:
– Բողբոջ դասարանէն ԺԱ. դասարան ֆրանսերէն լեզուն կը դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
– Երկրորդական դասարաններու աշակերտները կը հետեւին SAT եւ TOEFL դասընթացքներու:
ԺԲ. դասարանը կ՛ընդգրկէ 3 բաժանմունք`
1.- Ընկերատնտեսագիտական (SE)
2.- Կենսաբանական (LS)
3.- Ընդհանուր գիտութիւններ (GS)
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան յուլիս ամսուան ընթացքին, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի` առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, իսկ սեպտեմբերին` ամէն օր նոյն ժամուն:
Նոր արձանագրուող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Իխրաժ քայտ կամ անձնագիր,
– Հաստատագիր նախորդ դպրոցէն,
– Պատուաստներու հաստատագիր:
Ուշադրութիւն` յուլիսի ընթացքին արձանագրուող աշակերտը կը ստանայ 5% զեղչ կրթաթոշակին վրայ, իսկ եթէ յուլիսին կամ սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուի` դարձեալ կը ստանայ յաւելեալ 5% զեղչ:
2022-2023 տարեշրջանի վերամուտ
1.- Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր:
2.- Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր:
3.- Միջնակարգ (Է.- Ը.) դասարաններ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր:
4.- Նախակրթարան (Ա.-Զ.) դասարաններ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր:
5.- Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` garobiju@inco.com.lb
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն:


