Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրամով Սթոլթենպերկին Ներկայացուցած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Քայլերը

July 21, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ 19 յուլիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկած են համագործակցութեան հեռանկարները եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Հանդիպումի ընթացքին միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է ՕԹԱՆ-Ազրպէյճան գործընկերութեան ներկայ վիճակին եւ ապագայ հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներու շուրջ», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

«Միեւնոյն ժամանակ նշուած են Ազրպէյճանի կողմէ յետհակամարտային փուլին մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ ձեռնարկուող քայլերը», կը յայտնէ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:

Սթոլթենպերկ, իր կարգին, ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը դաշինքի յուսալի գործընկերն է, եւ, ըստ հաղորդագրութեան, «բարձր գնահատած է այդ երկրի պաշտպանական ոլորտին մէջ կատարուած բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի տարբեր առաքելութիւններուն մէջ Ազրպէյճանի ներդրումը»:

«Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործին Մէջ Կարեւոր Դեր Կը Խաղայ»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով նշած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան կարեւոր դերը:

Պայրամով Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան համագործակցութեան խորհուրդի նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Միեւնոյն ժամանակ, անիկա պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխադարձ յարգանքի եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վրայ:

«Եւրոպական Միութիւնը յետհակամարտային շրջանին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ. մենք կ՛ողջունենք Շարլ Միշելի ջանքերը` ուղղուած երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման: Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եւրոպական Միութեան` Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու երեք հանդիպումներուն համար` լուծելու համար հարցեր Հարաւային Կովկասի անվտանգ զարգացման եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ»:

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութեան Համար Ընդունելի Չէ Արցախի Իրաւունքներէ Որեւէ Նահանջ»

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպան Նորա Արիսեանին Հետ

RelatedPosts

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բողոքագիր Կը Յանձնէ Ռուսիոյ Դեսպանին

January 13, 2026
Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է`  Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան  Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

January 13, 2026
Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն  Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ
Հայկական

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.