ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Ժան Ներսէսեան
Առաքելեան, Թիւֆենքժի եւ Թենեքեճեան ընտանիքներ`
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ եւ հարազատին`
ԺԱՆԵԹ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 յուլիս 2022-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 18 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Մարալ Գույումճեան եւ զաւակը` Միսաք
Տէր եւ տիկին Քարիմ եւ Վերա Մալեք եւ զաւակունք (Զուիցերիա)
Տէր եւ տիկին Վրէժ եւ Ռինա Պոյաճեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Սրբուհի Աշգարեան եւ զաւակունք
Տիկին Ռեժինա Մալեք (Զուիցերիա)
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սօսի Պոյաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Ռիթա Սեմերճեան եւ դուստրը` Լուսին
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Լաուրա Հայրապետեան
Տիար Ժաք Հայրապետեան
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Հուրի Հայրապետեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Գույումճեան եւ Մալեք ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Աշքարեան ընտանիքներ
Սեմերճեան եւ Հայրապետեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Սապունճեան ընտանիքներ
Ճապրայեան եւ Միսիսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1956-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 յուլիս 2022-ի յետմիջօրէին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երեքշաբթի, 19 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Խալիլ Պատաուիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին եկեղեցւոյ սրահը, երկուշաբթի, 18 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, եւ երեքշաբթի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ եւ յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ:
—————————————
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2021-2022 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի 30 աշակերտներէն 29-ը յաջողած են 2 շատ լաւ եւ 14 լաւ յիշատակութեամբ:
Ստորեւ` յաջողած աշակերտներուն անուանացանկը.
Աբիկեան Թամարա (լաւ), Արապաղեան Գլէա (լաւ), Արսլանեան Բարտի (լաւ), Աւետիս Լոռի (լաւ), Գալայճեան Ալեակ, Դանիէլեան Կասիա, Թրթռեան Ժուլիանա (շատ լաւ), Կիւրիւնլեան Նարօտ (շատ լաւ), Ճինպաշեան Կարին (լաւ), Մենզոյեան Մեղրի (լաւ), Մումճեան Եարա (լաւ), Յովսէփեան Լորի (լաւ), Պապիկեան Լոռի, Պաստաճեան Սէրլի, Ջուլհաճեան Սէրլի (լաւ), Վասիլեան Գարինա (լաւ), Տէմիրճեան Քրիսթել (լաւ), Արթուն Միքայէլ, Գէորգեան Հրակ (լաւ), Ժերդիտեան Արեգ (լաւ), Խանճեան Կի, Հանեշեան Կարէն Արէն, Հաշէօլեան Վահագն, Ճերմակեան Վարագ, Մաքտեսեան Քրիստոֆ, Մերտխանեան Նժդեհ (լաւ), Յակոբեան Ժան Ժաք, Պաղտասարեան Պաղտիկ, Սարգիսեան Վրէժ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
1.- Հարազատ հայկական մթնոլորտ կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
2.- Բարձրորակ ուսում կ՛ուզէ՞ք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
3.- Օտարահպատա՞կ էք եւ օտար ծրագիրի՞ կ՛ուզէք հետեւիլ, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
4.- Մտային մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք (mentally challenged) անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
5.- Լիբանանեան պրէօվէ, պաքալորիա՞ կ՛ուզէք, անվարան դիմեցէ՛ք Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ:
Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը իր կանաչապատ տարածութեամբ ընդարձակ խաղավայրերով, մասնագէտ ուսուցիչներով հոգեբանական խմբակով եւ ծառայասէր պաշտօնեաներով կը սպասէ ձեզի:
– Օսի Քէսմէեան մանկամսուրը 6 ամսականէն սկսեալ փոքրիկներ կ՛ընդունի: 2022-2023 տարեշրջանի առաջին 4 ամիսները (սեպտեմբերէն-դեկտեմբեր) ձրի են:
– Բողբոջ դասարանէն ԺԱ. դասարան ֆրանսերէն լեզուն կը դասաւանդուի իբրեւ 4-րդ լեզու:
– Երկրորդական դասարաններու աշակերտները կը հետեւին SAT եւ TOEFL դասընթացքներու:
ԺԲ. դասարանը կ՛ընդգրկէ 3 բաժանմունք`
1.- Ընկերատնտեսագիտական (SE)
2.- Կենսաբանական (LS)
3.- Ընդհանուր գիտութիւններ (GS)
2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան յուլիս ամսուան ընթացքին, ամէն երեքշաբթի եւ հինգշաբթի` առաւօտեան ժամը 8:00-1:00, իսկ սեպտեմբերին` ամէն օր նոյն ժամուն:
Նոր արձանագրուող աշակերտները պարտին իրենց հետ ունենալ`
– Իխրաժ քայտ կամ անձնագիր,
– Հաստատագիր նախորդ դպրոցէն,
– Պատուաստներու հաստատագիր:
Ուշադրութիւն` յուլիսի ընթացքին արձանագրուող աշակերտը կը ստանայ 5% զեղչ կրթաթոշակին վրայ, իսկ եթէ յուլիսին կամ սեպտեմբերին կրթաթոշակը ամբողջութեամբ վճարուի` դարձեալ կը ստանայ յաւելեալ 5% զեղչ:
2022-2023 տարեշրջանի վերամուտ
1.- Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ` հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր:
2.- Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններ` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր:
3.- Միջնակարգ (Է.- Ը.) դասարաններ` հինգշաբթի, 29 սեպտեմբեր:
4.- Նախակրթարան (Ա.-Զ.) դասարաններ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբեր:
5.- Մանկապարտէզ` հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2022-2023 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակուին բոլոր դասարաններու` մանկապարտէզէն ԺԲ. կարգերու, իրենց զոյգ մասնագիտութիւններով` Life Science եւ Socio-Economics, առաւել` BT վարչագիտութիւն (Administration) 5-էն 26 յուլիս, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` առաւօտեան ժամը 9:00-12:00:
Պուրճ Համուտի եւ Ֆանարի շրջաններու աշակերտութեան համար փոխադրակառքերը անվճար են:
Նորութիւն. տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ նաեւ, թէ պատրաստ է ընդունելու 2 տարեկանէն սկսեալ փոքրիկներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել քարտուղարութեան կամ հեռաձայնել 01-241541 թիւին:
Դէպի լուսաւոր ապագայի միակ հասցէն` Ազգային միացեալ վարժարան:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն եւ անգլերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պէտք է քաջածանօթ ըլլալ համակարգիչի ծրագիրներու գործածութեան:
Կը խնդրուի «Սի. Վի.»-ն ղրկել` [email protected]
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie Garo կարիքը ունի վարպետ`
– Ադամանդաշարի
– Ոսկերիչի (սետեքեր)
– Ոսկի փայլեցնողի
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն: