Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անջրպետ. «Ճէյմս-Ուեպ» Անջրպետային Աստղադիտակին Նկարները

Յուլիս 16, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ  

Այս շաբաթ մեր նայուածքը մենք պիտի ուղղենք երկինքէն անդին, դէպի անջրպետ: Այս ձեւով, 11 յուլիսին յայտնաբերուեցաւ «Ճէյմս-Ուեպ» անջրպետային աստղադիտակին առած նկարները մեր անջրպետին ամէնէն հեռաւոր սահմաններէն:

***

«Ճէյմս-Ուեպ» աստղադիտակը անջրպետ ղրկուած ամէնէն մեծ աստղադիտակն է: Անոր մեծութիւնը թենիսի դաշտի մը մեծութեան կը հասնի: Անոր շինութիւնը արդիւնք է ամերիկեան, քանատական եւ եւրոպական անջրպետի աշխատանքներուն յատկացուած կեդրոններուն: Անոր տրուած է Ճէյմս-Ուեպ անունը` ի պատիւ ՆԱՍԱ-ի տնօրէններէն մէկուն, որ մասնակցած է լուսինին վրայ մարդկային առաջին քայլերու ծրագիրին իրականացումին:

2021-ի վերջաւորութեան անջրպետ ղրկուած աստղադիտակը այժմ կը գտնուի երկրագունդէն 1,5 միլիոն քմ հեռու: Այս հեռաւորութեան վրայ անոր չափազանց ճշգրիտ գործիքները չեն ազդուիր արեւէն, երկրագունդէն կամ լուսինէն:

***

Սակայն ինչի՞ պիտի ծառայէ այս հզօր աստղադիտակը: Եթէ դուն իրիկունը թեւդ դէպի երկինք ուղղես` բութամատիդ եղունգը պիտի ծածկէ միլիոնաւոր աստղահոյլեր: «Հապըլ»` նախկին անջրպետային աստղադիտակը արդէն տեսակաւոր նկարներ առած էր հազարաւոր աստղահոյլերէ: Սակայն «Ճէյմս-Ուեպ» աստղադիտակը կրնայ շատ աւելի աստղահոյլեր տեսնել, շատ աւելի արագ, եւ անոր գործիքները անոր կարելիութիւնը կու տան տեսնելու շատ աւելի հեռուն ալ:

Աստղագիտութեան մարզին մէջ աւելի հեռու տեսնելը կը նշանակէ նայիլ դէպի անցեալ: Այս ձեւով այս նոր աստղադիտակը պիտի կարենայ տեսնել առաջին աստղահոյլերը, որոնք կազմուած են աւելի քան 1,3 միլիառ տարիներ առաջ: Ասոր կողքին ան պիտի կարենայ ուսումնասիրել էքզօ-մոլորակները, այսինքն` այն մոլորակները, որոնք կը գտնուին մեր արեգակնային դրութենէն դուրս: Ան այդ մոլորակները պիտի վերլուծէ գտնելու համար, թէ արդեօք գոյութիւն ունի՞ն երկրագունդին նման մոլորակներ, որոնք կը կրեն արտերկրային կեանքի նշաններ: Անշուշտ մենք պիտի չկարենանք անմիջապէս ստուգել, թէ անոնք իսկապէս բնակուա՞ծ են, սակայն ասիկա արդէն մեծ քայլ մը կրնայ արձանագրել:

***

– Աստղահոյլ – Աստղերու, կազերու եւ փոշիներու խումբ մը, որ իրարու վրայ կը հաւաքուի ձգողականութեան ուժին ազդեցութեան տակ:
– Ծիր Կաթին – Անունն է այն աստղահոյլին, ուր կը գտնուի մեր արեգակնային դրութիւնը:
– Էքզօ-մոլորակ – Մոլորակ մը, որ կը դառնայ մեր արեւէն տարբեր աստղի մը շուրջ:
– Ճերմակ թզուկ – Շատ փոքրիկ եւ շատ տաք աստղ մը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Աւելի Քան` 5000 Էքզօ-Մոլորակներ

Մեր արեգակնային դրութենէն դուրս գոյութիւն ունեցող աւելի քան 5000 մոլորակներ ճշդուած են ՆԱՍԱ-ին կողմէ: Սակայն շատ հաւանական է, որ մեր  աստղահոյլը ուրիշ հարիւրաւոր միլիառ ուրիշ մոլորակներ կը պարունակէ:

Մեր երկրագունդը, ինչպէս նաեւ եօթը ուրիշ մոլորակներ կը դառնան մէկ աստղի մը` արեւուն շուրջ: Ասիկա մեր արեգակնային դրութիւնն է: Մեր այս դրութենէն դուրս գոյութիւն ունին ուրիշ մոլորակներ` էքզօ-մոլորակները, որոնք կը դառնան ուրիշ աստղերու շուրջ:

Այս էքզօ-մոլորակները առաջին անգամ գտնուեցան 1990-ական թուականներու սկիզբը: 2000 թուականներու սկիզբը գտնուած էին մօտաւորապէս հարիւր մոլորակներ: Իսկ 2022-ին աւելի քան 5000 մոլորակներ գտնուած են 2009-ին անջրպետ ղրկուած «Քէփլըր» աստղադիտակին շնորհիւ:

Հարցարան

 Ընդհանուր Գիտելիքներ

1.- Աւստրալիոյ մէջ ո՞ր երեք ամիսներուն գարուն է:
2.- Ո՞րն է ցամաքի վրայ ապրող ամէնէն մեծ անասունը:
3.- Ո՞րն է հարաւային Աւստրալիոյ մայրաքաղաքը:
4.- Ո՞ր մետաղը աւելի ծանր է, ոսկի՞ն, թէ՞ արծաթը:
5.- Քանի՞ օղակներ կան Ողիմպիական դրօշակին վրայ:
6.- Ովկիանոսին մէջի ջուրը աղի է: Ճի՞շդ, թէ՞ սխալ:
7.- Ո՞րն է Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաքը:
8.- Քանի՞ ոսկոր ունի շանաձուկը:
9.- Քանի՞ ժամ կը քնանայ քոալան:
10.- Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ անասունը:
11.- Քանի՞ ոտք ունի սարդը:
12.- Զմրուխտը կանաչ գոյնի երանգ մը ունի: Ճի՞շդ, թէ՞ սխալ:
13.- Ո՞ր մոլորակը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն տաք մոլորակն է:
14.- Ո՞րն է ամէնէն կարծր քարը:
15.- Ո՞րն է այն միակ պտուղը, որուն կուտերը դուրսը կը գտնուին:
16.- Քանի՞ ոտք ունին միջատները:
17.- Ո՞րն է արեւուն ամէնէն մօտիկ մոլորակը:
18.- Ո՞ր մէկը աւելի արագ է, լո՞յսը, թէ՞ ձայնը:
19.- Ո՞ր անասունը ամէնէն մեծ հաւկիթը կ՛ածէ:
20.- Ո՞րն է Ճափոնի ազգային մարզաձեւը:

(Պատասխանները յաջորդ թիւով)

Պատասխաններ
Նախորդ Թիւի Հարցարանին

1) Հիւսիսային բեւեռ: 2) 22, առաւել` մէկ իրաւարար: 3) Ո՛չ, որովհետեւ անոնք կապեր չունին: 4) 7: 5) Վիքթորիա թագուհին (1837-1901): 6) Ալեքսանտր Կրահամ Պել: 7) Ասիա: 8) Ընդամէնը` 10. 8 թեւեր, որոնք զոյգ կերպով կը բանին, եւ` 2 երկար բողկուկներ: 9) Ուղեղին աջ կողմի բաժինը: 10) Ովկիանիա: 11) Հրատ: 12) Հռոմ: 13) Ճոն Լոկի Պերտ, 1926-ին: 14) Չինաստանի մէջ: 15) Շնորհաւոր տարեդարձ: 16) Կարմիր: 17) Փինոքիօ: 18) 8: 19) Չինաստանէն. մինչ քիուի կոչուած անասունները ծագումով Աւստրալիայէն են: 20) Բրինձը:

Մտածենք

 Մաքրենք Մեր Շրջապատը

Տիգրանը, Զաւէնը, Նարեկը, Լեւոնը եւ Վարդուկը ուզեցին իրենց թաղը մաքրել: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ստանձնեց վայր մը. պարտէզը, խաղավայրը, ծովափը, դպրոցին բակը եւ կառատունը: Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր պատանիի մաքրած վայրը:

1.- Զաւէնը ո՛չ դպրոցին բակը, ո՛չ ալ պարտէզը մաքրեց:
2.- Նարեկը եւ այն անձը, որ ծովափը մաքրեց, դրացի են:
3.- Ո՛չ Լեւոնը, ո՛չ ալ Զաւէնը ծովափը մաքրեցին:
4.- Վարդուկը չմաքրեց վայր մը, որուն անունը «ր» կամ «ռ» գիրը կը պարունակէ:
5.- Դպրոցին բակը չմաքրուեցաւ Զաւէնին կամ Տիգրանին կողմէ:
6.- Աղջիկ մըն էր դպրոցին բակը մաքրողը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել դէպի վերջնագիծ հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայ Դատի Մարմինը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Յաջորդը

Մեր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Հզօր, Անխնայ, Անյապաղ, Տեղաշարժային

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?