Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին եւ զայն շնորհաւորած Ատհայի տօնին առիթով: Այս մասին հաղորդեց սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Պըն Սալման իշխանը իր կարգին շնորհաւորած է Էրտողանը եւ մաղթած, որ այս տօնը «երկու երկիրներուն, եղբայրական երկու ժողովուրդներուն եւ իսլամ ազգին» ամենայն բարիք բերէ:
Անոնք հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:


