Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին զգուշացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող այլ օրինագիծ մը որդեգրել ջանալէ:
«Սարքոզի արդէն իր բախտը չափազանցուած ձեւով փորձած է եւ եթէ այդ մէկը անգամ մը եւս փորձէ, ֆրանսական մշակոյթին եւ ֆրանսական օրէնքի իշխանութեան դէմ պատերազմի մը սկսած պիտի ըլլայ: Սահմանադրական խորհուրդին նման բարձրագոյն մակարդակի իշխանութեան մը վճիռը վիճարկելը իրեն համար շատ ցաւալի պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «պէտք է յանուն (Հայաստանի հետ) մեր հասարակաց պատմութեան կամուրջները բաց ձգենք: Եւ մեր հասարակաց պատմութիւնը պէտք չէ այս կամ այն ղեկավարին քաղաքական փառամոլութեանց ի սպաս զոհաբերուի»:
Սարքոզիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած էր, որ «ան կառավարութենէն պահանջած է նոր բանաձեւ մը պատրաստել` նկատի ունենալով Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը»:


