
Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ոչ սահմանադրական ճանչնալու որոշումը տակաւին աշխարհի վերջը չէ: Ան նշեց, որ այս անգամ յաղթեց թրքական ճնշումը եւ որոշ առումով նաեւ կաշառքը:
«Սահմանադրական խորհուրդին մէջ կան մարդիկ, որոնք մաս կը կազմեն թրքամէտ կազմակերպութիւններու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արդէն պարզ է, թէ որոշումին կայացման ձեւը այնքան ալ անբիծ չէ, եւ թրքական խոստումներն ու կաշառքները իրենց դերը ունեցած են:
Մանոյեան նշեց, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը պատրաստ է պայքարելու այնքան ժամանակ, մինչեւ որ օրինագիծը ընդունուի:


