Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ ինք խորհրդարանէն պիտի հրաժարի յառաջիկայ 5 մարտին, եթէ թիւ 246 օրինագիծը վաւերացուի: Նշենք, որ թիւ 246 օրինագիծը կը վերաբերի կարգ մը շրջաններու մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու գործադրութեան` բացառելով Աքքարի շրջանը:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ անհրաժեշտ է սուրիական ընդդիմութեան զինումը, որովհետեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն բռնարարքներուն դէմ անոր ինքնապաշտպանութիւնը կարեւոր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ իտալական բանակի հետեւակազօրքի հրամանատար, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նախկին հրամանատար զօր. Քլաուտիօ Կրացիանոյի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեց, որ կառավարութիւնը նոր նշանակումներու դէմ յանդիման պիտի գտնուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Լիբանան վերադարձէն ետք: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը կ՛ամրապնդէ Լիբանանի անվտանգութիւնը:

ՇԷՅԽ Ահմետ Ասիր «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին խստիւ դատապարտեց Հըզպալլան ու անոր զէնքը` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները պէտք է գիտնան, որ իրենք սուրիացի ժողովուրդին դէմ սպանդ կը գործեն եւ պէտք է վերջ տան իրենց արարքներուն:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ֆրանսացի լրագրող Էտիթ Պուֆիէն եւ բրիտանացի լրագրող Փոլ Քոնրոյը Հոմսէն Լիբանան փոխադրող կողմերը նոյն ուժերն են, որոնք օտար լրագրողներն ու զէնքը Լիբանանէն Սուրիա փոխադրած են:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք 8,900 միլիառ լ. ոսկիի օրինագիծին թեր պիտի չքուէարկեն, այլ պիտի լքեն երկուշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան` երկրին մէջ պարտադրելու իր գերիշխանութիւնը եւ առիթ չտալու, որ զէնքը շրջանէ շրջան փոխադրուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է զօրակցիլ միայն սուրիացի ժողովուրդին: Ան ցաւ յայտնեց անոր դէմ Սուրիոյ իշխանութիւններուն գործած սպանդներուն համար:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներէն մէկը «Լիուա» օրաթերթին յայտնեց, որ այս տարի մարտ 14-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքը պիտի փոխարինուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող ընտրանիին գումարելիք քաղաքական հանդիպումով, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի քաղաքական փաստաթուղթ մը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակերը, որոնց համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 600 լ. ոսկիով, իսկ կազի շիշին սակը` 200 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ կլիման պիտի շարունակէ մնալ անձրեւոտ` Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին պատճառով: Կը նախատեսուի, որ ձիւն տեղայ ծովու մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ: Նշենք, որ երէկ տեղացած առատ ձիւնը փակեց Տուհուր Շուէյր – Պթըղրին ճամբաները:

ԻՔԼԻՄ Խարրուպի մէջ ազգային եւ իսլամական քաղաքական ուժերը հանդիպում մը ունեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հետ: Հանդիպումէն ետք ներկաները յայտարարեցին, թէ իրենք միասնականութեամբ պիտի գործեն` պահպանելու համար Լիբանանի քաղաքական անվտանգութիւնն ու երկրին կայունութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, անհաւանական նկատեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումը` ընդգծելով, որ այդ մասին կատարուած յայտարարութիւնները կը միտին լիբանանցիները վախի մատնել:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ յայտնեց, որ 11 միլիառ տոլարի գայթակղութիւնը ծածկելու փորձերը ապարդիւն դուրս պիտի գան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ուսանողական թեւերը ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք ընդգծեցին տարբեր համալսարաններու մէջ երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Թուրքիա Սուրիոյ Նկատմամբ Գաղտնի Օրակարգ Չունի» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Էօզեըլտըզը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.