29 յունիս 29-ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն Պաքուի մէջ շրջանային եւ եւրոպական հարցերու շուրջ հանդիպում ունեցած է: 30 յունիսին զինք ընդունած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ կողմերը քննարկած են միջազգային եւ շրջանային օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ:
Քննարկուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած 9 նոյեմբեր, 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի համաձայնութիւններու կատարումը: Երկու կողմերն ալ հաստատած են այս հարցին շուրջ սերտ երկխօսութիւն պահպանելու մտադրութիւնը: