Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Ալեւի Հետ Քննարկած Է «Ղարաբաղեան Լուծումը»

July 1, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշկապատի մէջ Կասպեան վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի ընթացքին Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Քրեմլինի պաշտօնական կայքին:

«Ի հարկէ, կան շրջանային անվտանգութեան խնդիրներ, ներառեալ եւ նախ եւ առաջ` ղարաբաղեան լուծումը: Մենք ատիկա քննարկած ենք ձեզի հետ, եւ այժմ կարելիութիւն պիտի ունենանք այդ նիւթին շուրջ աւելի շատ խօսելու», ըսած է Վլատիմիր Փութին:

«Ի հարկէ, այսօր անգամ մը եւս առիթ պիտի ըլլայ խօսելու շրջանային խնդիրներու եւ շրջանային տագնապներու լուծման շուրջ ստեղծուած կացութեան մասին», իր կարգին ըսած է Ալիեւ:

Ալիեւ–Ռայիսի Հանդիպում

Աշկապատի մէջ Կասպեան երկիրներու 6-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Իրանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:

«Մեր նախորդ հանդիպումէն ետք մեր յարաբերութիւններուն տրուած է հրաշալի խթան, եւ մեր յարաբերութիւնները սկսած են զարգանալ աւելի արագ կշռոյթով», հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ալիեւ նշած է, որ յառաջընթաց կայ, մասնաւորաբար փոխադրամիջոցային եւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ: Իրանի նախագահը, իր կարգին, շեշտած է, որ իրան-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ներուժը օգտագործուածէն աւելին է:

«Մենք ամբողջութեամբ չենք օգտագործած մեր յարաբերութիւններու ներուժը: Կը կարծեմ, որ երկու երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, առեւտրամշակութային կապերը կրնան առաւել եւս զարգանալ», ընդգծած է նախագահ Ռայիսի:

Սահմանակից Իրանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով սրած էին ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին: Թեհրանը Պաքուն կը մեղադրէր իր սահմաններուն «սիոնական վարչակարգի ներկայացուցիչներ» եւ սուրիացի զինեալներ տեղակայելու յանցանքով: Բարձր մակարդակով տեւական բանակցութիւններէ ետք երկու երկիրները որոշած են անցեալին ձգել լարուածութիւնը:

 

Նախորդը

Բագրատունի Ընդունեց Իան Քիւպիչը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Սերպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ Ունեցած Են

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.