Երեւանի մէջ 30 յունիսին տեղի ունեցած են քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սերպիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ: Հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան, սերպականը` արտաքին գործոց նախարար Նեմանիա Սթարովիչ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, արձանագրելով Հայաստանի եւ Սերպիոյ միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը` կողմերը քննարկած են հայ-սերպական բարեկամական յարաբերութիւնները խորացնելու եւ միջպետական կապերը ամրապնդելու կարելիութիւններն ու գործնական քայլերը:
«Խորհրդակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է միջազգային եւ շրջանային շարք մը հարցերու: Անդրադարձ կատարուած է հարաւկովկասեան շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի քայլերուն: Հայկական կողմը կարեւոր նկատեց Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդկային խնդիրներու ծիրին մէջ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, խորհրդակցութիւններու աւարտին սերպական պատուիրակութիւնը ընդունուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ: Նախարար Միրզոյեան կարեւոր նկատած է զանազան մակարդակներու վրայ փոխադարձ այցելութիւնները եւ շփումները` երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան շարունակաբար ընդլայնման ու փոխշահաւէտ բազմաոլորտ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու նախանշման համար:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, նոյն օրը սերպական պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին: