2022-ի ամրան մարզիկներու ամառնային փոխանցման ժամկէտը թէեւ պիտի փակուի 31 օգոստոսին, սակայն նշուեցաւ, որ եւրոպական 5 մեծագոյն երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութիւնները որոշեցին այդ ժամկէտը մէկ օրով երկարաձգել:
Նշուեցաւ, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի, «Լա լիկա»-ի, «Պունտըսլիկա»-ի, «Քալչիօ»-ի եւ «Լիկ-1»-ի մարզիկներու փոխանցումները պիտի փակուին 1 սեպտեմբերին, կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին:
Միւս բոլոր երկիրներուն ախոյեանութիւններուն գծով ժամկէտի փոփոխութիւն ցարդ չկայ:
Ինչպէս ծանօթ է, որ եւրոպական երկիրներու ախոյեանութիւններէն շատերը պիտի սկսին յառաջիկայ օգոստոսին սկիզբը: