Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի ծանրաբարձները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն այսօր` չորեքշաբթի, 28 յունիսին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) սկսելիք «Բարեկամութեան բաժակ» ծանրաբարձութեան միջազգային մրցաշարքին:
Մրցումներուն կը մասնակցին Միացեալ Նահանգներու ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին կողմէ հրաւէր ստացած մարզիկները միայն:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեանի գլխաւորութեամբ մրցասպարէզ մեկնեցան Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Դաւիթ Յովհաննիսեան (97 քկ), Սամուէլ Գասպարեան (109 քկ), Գոռ Մինասեան եւ Վարազդատ Լալայեան (գերծանր կշիռ):
Այս մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 9 յուլիսին: