Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 28 յունիսին աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող լեհ 21 տարեկան Իկա Սվիաթեք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ 252-րդ դիրքին վրայ գտնուող խրուաթ Եանա Ֆեթի դէմ, արձանագրեց 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ եւ 15 վայրկեան:
Սվիաթեք, որ արձանագրեց իր 36-րդ յաջորդական յաղթանակը, այսպիսով 21-րդ դարուն մրցանիշ մը հաստատած եղաւ:
Բ. հանգրուանին, Սվիաթեքի մրցակիցը պիտի ըլլայ նետերլանտցի Լեսլի Քերքհովըն: