Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ 16 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը 60-56 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց հիւրընկալ երկրին` Յորդանանի դէմ:
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էլիզա Խուրի (16 կէտ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի ազգային խումբը այսպիսով ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 59-47 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր Ղազախստանի դէմ, երկրորդին կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 51-50 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրանէն, հակառակ անոր որ մրցումին վերջին վայրկեաններուն կը յաղթէր` 50-45 արդիւնքով:
Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, 27 յունիսը ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն համար հանգիստի օր է: