Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուան Պատրաստ Է Աջակցելու Ընդհանուր Սահմանի Յստակացման Հարցին Մէջ Պաքուի Ու Երեւանի Աշխատանքին Եւ Ունի Որոշակի Առաջարկներ» Կ՛ըսէ Լաւրով

June 24, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու ընդհանուր սահմանի յստակացման հարցին մէջ Պաքուի ու Երեւանի աշխատանքին եւ այս առնչութեամբ ունի որոշակի առաջարկներ: «Լենթա» կայքի թղթակիցը կը յայտնէ, որ այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

Լաւրովի համաձայն, Ռուսիան կրնայ խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցել երկու յանձնախումբերուն, որոնք ստեղծուած են երկու երկիրներու կողմէ` սահմանազատման եւ սահմանագծման համար:

Ան նաեւ խոստացած է հասնիլ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման` նշելով այս ուղղութեամբ յառաջընթացը:

«Մենք ընդհանուր ըմբռնում ունինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ամէնէն յարմարաւէտ ճամբով լուծել ինքնաշարժներու երթեւեկը կազմակերպելու խնդիրը, որպէսզի արհեստական խոչընդոտներ չստեղծուին», ըսած է Լաւրով` աւելցնելով, որ այդ հարցին մէջ կը խորհրդակցի Հայաստանի հետ:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ իր կարգին յայտնած է, որ Լաւրովի հետ պիտի խօսի շրջանին մէջ տիրող յետհակամարտային կացութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մասին:

«Դուք գիտէք մեր դիրքորոշումը: Այս դիրքորոշումը նպատակ ունի շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն հաստատել: Վստահ եմ, որ մեր ջանքերը դրականօրէն պիտի ընդունուին Հայաստանի կողմէ, եւ բազմակողմ դիմակայութիւնը պիտի դադրի: Խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ աշխատանքի սկսելու մեր առաջարկը կը մնայ անպատասխան, սակայն մենք տակաւին յոյս ունինք, որ այդ առաջարկը պիտի ընդունուի:

«Դրական կողմերէն կ՛ուզեմ նշել Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի աշխատանքի աշխուժացումը: Վերջերս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նոր հանդիպում տեղի ունեցած է: Յոյսով ենք, որ գործնական քայլեր պիտի ձեռնարկուին նոյեմբեր 2020-ի հռչակագիրի իրականացման համար` հաղորդակցութիւններու բացման ծիրին մէջ` ապահովելով ազրպէյճանական ապրանքներու եւ քաղաքացիներու անխոչընդոտ տեղափոխումը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն: Ասիկա հայկական կողմի իրաւական պարտաւորութիւնն է: Դժբախտաբար, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտէն աւելի քան մէկուկէս տարի անցած է, սակայն հռչակագիրի այս կէտը տակաւին չէ կատարուած: Կը կարծեմ, որ մեր հայեցակարգի ծիրին մէջ կարելի պիտի ըլլայ շատ գործնական քայլերու ձեռնարկել` կացութիւնը ամբողջութեամբ կարգաւորելու համար: Մենք, ի հարկէ, անհամբեր կը սպասենք Ռուսիոյ գործուն ջանքերուն` Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար», ըսած է Ալիեւ:

Նախորդը

«Ռուսիան Ամէն Ձեւով Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախապատրաստութեան Դժուար, Սակայն Չափազանց Կարեւոր Հոլովոյթին» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

«Դիմադրութեան» Շարժման Ներկայացուցիչները Եռօրեայ Այցելութիւն Տուին Արցախ

RelatedPosts

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

January 22, 2026
Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը
Հայկական

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը

January 21, 2026
Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ  ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.