ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, տիկնանց միութիւնը եւ դպրաց դասը կը գուժեն իրենց վաստակաշատ եւ երկար տարիներու աղքատախնամ մարմինի նուիրեալ անդամին`
ՅԱԿՈԲ ԳՈԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 յունիս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինը կը գուժէ իր վաստակաշատ եւ երկար տարիներու անդամին`
ՅԱԿՈԲ ԳՈԶԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 20 յունիս 2022-ին:
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ եկեղեցական ու ազգային մեծաշուք հանդիսութիւններ պիտի կայանան 1-3 յուլիս թուականներուն`
Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
– Ուրբաթ, 1 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿ
Կազմակերպութեամբ` Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին
– Շաբաթ, 2 յուլիս 2022
– Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի սրահ
– Երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Անթիլիասի մայրավանք
– Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ
– Կիրակի, 3 յուլիս 2022
– Ս. Աստուածածին վանք, Պիքֆայա
– Երեկոյեան ժամը 7:00-ին
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Անմիջական կարիքը կայ օգնական կնոջ կամ այր մարդու մը` ստանձնելու տարեցի մը հոգատարութիւնը եւ տան պատասխանատուութիւնը, ֆրանսերէն կամ անգլերէն լեզու գիտնալը պայման է: Դիմողը նախընտրաբար Տեքուանէի շրջանի բնակիչ պէտք է ըլլայ: Դիմել` պրն. Ռոժէին. միայն whatsApp-ի միջոցով: Հեռ. 70-204704: