
Գերմանիոյ մէջ գտնուող աղբիւր մը PanArmenian.net կայքէջին կը յայտնէ, որ նիստերէն մէկուն ընթացքին Գերմանիոյ խորհրդարանի Խնդրագիրներու վերաբերեալ յանձնախումբը պիտի քննարկէ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: «Ի պատասխան 26 յունուար 2012-ին ներկայացուած խնդրագիրին, խորհրդարանի յանձնախումբը դոկտ. Թեսսա Հոֆմանի գլխաւորած Ցեղասպանութիւններու ճանաչման բաժանմունքին տեղեկացուցած է տուեալ հարցը քննարկելու մտադրութեան մասին»:
Ըստ աղբիւրին, Գերմանիոյ խորհրդարանի յանձնախումբը այս հարցին շուրջ պիտի կողմնորոշուի` համանման օրինագիծին վերաբերեալ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետք:
Ինչպէս ծանօթ է, Գերմանիոյ խորհրդարանը յունիս 2005-ին, առանց նախնական քննարկման միաձայն որոշում որդեգրեց` «24 ապրիլ 1915-ի հայոց ջարդերու 90-ամեակին կապակցութեամբ յայտարարել յիշատակի օր. Գերմանիան պէտք է նպաստէ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններու կարգաւորման»: Որոշումին նախագիծը ներկայացուած էր Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութիւններուն կողմէ: Փաստաթուղթին մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած գործողութիւնները ցեղասպանութիւն չեն որակուիր, սակայն կայ պարբերութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ միջազգային աղբիւրները տեղի ունեցածը Հայոց ցեղասպանութիւն կը կոչեն:


