
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ռումանիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ նախագահ Թրայեան Պաշեսքուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռումանական յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Սլէյման Պաշեսքուէն խնդրեց մասնակցիլ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` գործադրելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:
Ան կոչ ուղղեց Պաշեսքուի ճիգ չխնայելու, որպէսզի Իսրայէլ իր կարգին գործադրէ այդ բանաձեւը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին վերսկսելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբեւիսրայէլեան տագնապին արդար եւ ամբողջական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ երկրին մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովել ամէնէն արագ միջոցին:
Իր կարգին, Պաշեսքու հաստատեց, որ Ռումանիա լիբանանեան բանակին պիտի տրամադրէ պէտք եղած զէնքն ու զինամթերքը` բարելաւելու համար անոր կարողութիւնները:
Պաշեսքու յայտնեց նաեւ, որ Ռումանիա պատրաստ է Լիբանանի հետ գործակցելու կրթական եւ ուսումնական մարզերուն, ինչպէս նաեւ Սպայից վարժարանի եւ բնական աղէտներու կանխարգիլման մարզերուն մէջ:
Պաշեսքու պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախանցեալ երեկոյեան Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց իբրեւ պատգամ երկիր Լիբանանի դերակատարութիւնը եւ այդ դերակատարութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` արաբական եւ համաշխարհային մակարդակներու վրայ:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց նաեւ Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգին կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ հակառակ շրջանային խառնափնթոր իրավիճակին, այդ վարչակարգը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ` Լիբանանը պահպանելու առումով:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ արաբական առումով իրենք կը զօրակցին այն ժողովրդավարութեան, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ կը յանգի իշխանափոխութեան: «Մենք կը մաղթենք, որ իշխանափոխութիւնը կատարուի առանց բռնարարքներու եւ առանց արտաքին միջամտութիւններու: Անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր ժողովուրդի առիթ տալ ընտրելու իր վարչակարգը` առանց արտաքին ուժերու կամ պետութիւններու միջամտութեան, ինչպէս կը հաստատուի Արաբական լիկայի ուխտին մէջ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ արաբները պէտք է վերադառնան արաբականութեան` աւելցնելով, որ արաբներուն հիմնական դատը` Պաղեստինը արաբներէն առեւանգուած է:
«Միւս կողմէ, շրջանին մէջ կայ այլ պետութիւն մը` Իսրայէլը, որ հեռու է ժողովրդավարութենէ, ընդհակառակն` ան իր տիրապետութեան տակ կը պահէ պաղեստինեան, լիբանանեան եւ արաբական բռնագրաւուած հողեր, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Երուսաղէմը հրէականացնելու: Արդեօք Արեւմուտքը այս ժողովրդավարութենէն ո՞ւր կը գտնուի», հարց տուաւ նախագահ Սլէյման: Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան հողերուն մէջ տիրող անբնական եւ անարդար կացութիւնը պատճառ պիտի դառնայ, որ արաբական աշխարհին մէջ հիմնուող նոր վարչակարգերը ուղղուին դէպի ծայրայեղութիւն, որ բոլորովին կը հակադրուի ժողովրդավարութեան:
Նախագահ Սլէյման խստիւ մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ արաբական աշխարհին մէջ փոքրամասնութիւնները վտանգի ենթարկուած են, որովհետեւ այդ փոքրամասնութիւնները արաբական երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իւրայատուկ ազդակներ են, հետեւաբար կարեւոր է պաշտպանել զանոնք:
«Հետեւաբար, մենք պէտք է պահպանենք փոքրամասնութիւնները եւ զանոնք մասնակից դարձնենք մեր քաղաքական կեանքին եւ ազգային որոշումին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
Ան նշեց, որ «Արաբական գարուն»-էն պէտք է դասեր եւ օրինակներ քաղել` հիմնելով ճշգրիտ Արաբական լիկայ մը, որուն մաս կազմող երկիրները իրարու կը միացնեն լեզուն եւ փոխադարձ շահերը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ յառաջիկայ մարտին Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին ընթացքին պէտք է քննարկել Սուրիոյ` Արաբական լիկային վերստին անդամակցութեան կարելիութիւնները:
Նշենք, որ Ռումանիա կատարած իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք, նախագահ Սլէյման պիտի մեկնի Չեխիա:


