Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան կը հասկնայ, թէ Հայաստանի մէջ ի՛նչ կը կատարուի, շահագրգռուած է, որ երկրին մէջ կացութիւնը կայուն ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Կը հասկնանք այն ամէնը, ինչ որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ, Հայաստանի շուրջ: Մենք վճռական ենք մեր գործընկերային յարաբերութիւնները զարգացնելու հարցին մէջ: Շահագրգռուած ենք, որ երկրին մէջ կացութիւնը կայուն ըլլայ, երաշխաւորուի շարունակական զարգացումը», ըսած է Փութին:
«Հայաստանը միայն մեր գործընկերը չէ, անիկա մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, մենք ատիկա կը գնահատենք», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը: