Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութեան միացեալ գիրքերու հրատարակումին պարագային իրենք կրթական պոյքոթ պիտի կատարեն: Ան աւելցուց, որ անկարելի է ընդունիլ, որ Լիբանանի պատմութեան գիրքերուն մէջ միայն մէկ Դիմադրութիւն նշուի:
Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի պատմութեան գիրքին մէջ նշել նաեւ իրենց դիմադրութիւնը:
«Աւելի՛ն. Լիբանանի պատմութիւնը բոլորովին զանց առած է լիբանանահայութիւնը, եւ կարելի չէ Լիբանանը կերտել` լիբանանցիներուն մէկ մասը զանց առնելով», շեշտեց Ժեմայէլ:


