Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Նպատակներով Զինադադար Հաստատելու Ջանքեր

February 29, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդը երէկ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդասիրական պատճառներով զինադադար հաստատելու, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ «Ֆրանսա կը յուսայ, որ Ռուսիա եւ Չինաստան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Սուրիոյ շուրջ մարդասիրական նպատակներու վերաբերող որոշումին համաձայն  գտնուին»: Ան ֆրանսական «Էր. Թէ. Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը ներկայիս մարդասիրական նպատակով եւ ամէնէն վտանգուած վայրեր մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու շուրջ որոշում մը կը քննարկէ եւ «կը յուսանք, որ Ռուսիա եւ Չինաստան այս որոշումին դէմ վեթոյի իրաւունքը չկիրարկեն»:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը նաեւ չբացառեց, որ Ռուսիա 4 մարտին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններէն ետք Սուրիոյ նկատմամբ իր կեցուածքը մեղմացնէ:

Արաբական լիկայէն աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու երկրորդ խորհրդաժողովը սուրիական վարչակարգին դէմ արաբական եւ միջազգային յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու հարցը պիտի քննարկէ: Աղբիւրները նաեւ չբացառեցին, որ Պոլսոյ մէջ խորհրդաժողովին ընթացքին սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու հարցը եւս քննարկուի:

Վենեզուելայի ուժանիւթի նախարարը յայտարարեց, որ երբ սուրիական կառավարութիւնը վառելանիւթի կարիքը զգայ, իր երկիրը պիտի բաւարարէ անոր կարիքները:

Հոմսի մէջ սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ զրահապատ մասնայատուկ ուժեր Հոմս ուղարկած է: Անոնք կը յայտնեն, որ Մահեր Ասատի հրամանատարութեան տակ եղող 4-րդ զօրաբաժինէն հրասայլեր եւ հետեւակ ուժեր երկուշաբթի գիշեր Հոմսի հարաւային Պապա Ամրօ շրջանին շուրջ գտնուող գլխաւոր թաղամասեր մուտք գործած են:

Բրիտանացի լրագրող Փոլ Քոնրոյ երէկ յաջողեցաւ Հոմսէն փախուստ տալով Հիւսիսային Լիբանան ապաստանիլ: Սուրիացի ընդդիմադիրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ ֆրանսացի կին լրագրող Էտիթ Պոփիէ, որ Հոմսի մէջ վիրաւորուած էր, Լիբանան հասած է:

Միւս կողմէ, սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «առնչակից կողմերը» նախանցեալ օր Հասաքէի մէջ Իրաքէն Սուրիա մուտք գործած երկու ինքնաշարժներ գրաւած են, որոնք Թել Ամրի կողմէն դէպի Հալէպի նահանգ կ՛ուղղուէին եւ տարատեսակ 106 հրացաններ, զինամթերք եւ 3 նռնականետեր կը փոխադրէին: Աղբիւրներ ՍԱՆԱ-ին յայտնած են, որ Մալիքիա շրջանին մէջ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործած այլ ինքնաշարժի մը մէջէն 26 հրացաններ գրաւուած է: Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ սուրիական ապահովական ուժեր Ռիֆ Տարաայի Թալ Շահապ շրջանին մէջ բախում ունեցած են Յորդանանէն Սուրիա ներթափանցել փորձող զինեալ խմբակի մը հետ: Բախումին պատճառով 5 զինեալներ սպաննուած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած: Մնացեալ զինեալները յորդանանեան հողամասեր փախուստ տուած են:

Նախորդը

«Սուրիայի Բարեկամներ» Ժողովի Առիթով` Դասեր Թուրքիայի Բարեկամութիւնից

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.