Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Մէջ. Բարեկարգումի Երեսփոխաններուն Կազմակերպութեամբ Զօրակցական Նստացոյց

June 13, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարեկարգումի երեսփոխաններուն կազմակերպութեամբ շաբաթ յետմիջօրէին Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որ զօրակցական ցոյց մըն էր` հարաւային Լիբանան-Պաղեստին սահմանագծումի հոլովոյթը շարունակելու, ինչպէս նաեւ պահանջելու, որ թիւ 6433 հրամանագիրը բարեփոխումի ենթարկուի եւ թիւ 29 սահմանագիծին լիբանանեան պատկանելիութիւնը պահանջուի իբրեւ իրաւունք:

Նստացոյցին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Մըլհեմ Խալաֆ, Հալիմա Քաաքուր եւ Ֆիրաս Պու Համտան:

Անոնք դատապարտեցին Իսրայէլի կողմէ թիւ 29 սահմանագիծին վրայ կատարուած հորատումները` մերժելով զիջիլ այդ սահմանագիծը:

Բարեկարգումի երեսփոխանները լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու նկատեցին այդ զիջումին: Նստացոյցին մասնակիցները բարձրացուցին լիբանանեան դրօշներ եւ դատապարտող կոչեր արձակեցին Իսրայէլի ուղղութեամբ:

Ցուցարարները հրկիզեցին իսրայէլեան դրօշը եւ մերժեցին Իսրայէլի կողմէ թիւ 29 սահմանագիծին շրջագիծին մէջ գտնուող նաւթահորի հորատումը:

Թինընթի. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանեան Զինեալ Ուժերուն Ապահովելու ՖԻՆԻՒԼ–ի Ուժերուն Անվտանգութիւնն Ու Ազատ Շարժելու Իրաւունքը»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ օր սովորական հագուստներով խումբ մը տղամարդիկ Արապ Լաուզիէ շրջանին մէջ կասեցուցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու շրջուն ջոկատի մը աշխատանքը եւ սպառնացին ջոկատի անդամներուն` փորձելով զանոնք ապազինել:

Թինընթի հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կատարեալ ազատութիւն ունին շարժելու եւ շրջելու իրենց գտնուած գործողութիւններու աշխատելադաշտին մէջ:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեցին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ազատութիւնը սահմանափակելու փորձերը», ըսաւ Թինընթի` աւելցնելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ապահովութիւնը թիւ  1701 բանաձեւին անմասնատելի մէկ բաժինն է:

«Մեր հիմնական նպատակն է պահպանել Հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` գործակցելով լիբանանեան զինեալ ուժերուն եւ շրջանի բնակչութեան հետ», շեշտեց ան:

Թինընթի շեշտեց, որ խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակին ծառայող միջազգային խաղաղապահ ուժերուն դէմ սպառնալիքը մտահոգիչ է, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք լիբանանեան զինեալ ուժերուն ապահովելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն անվտանգութիւնն ու ազատ շարժելու իրաւունքը», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Իւրաքանչիւրին Պատմութիւնը Գրուած Է Անոր Ճակատին Վրայ. Կը Զօրակցինք Լիբանանի Արաբականութեան Եւ Միասնականութեան»

Յաջորդը

Ամերիկացի Բանագնաց Հոքշթայն Այսօր Պիտի Այցելէ Պէյրութ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.