Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` 9 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի սղագրութիւնը, որուն մէջ արցախեան Փառուխ գիւղին վերաբերեալ Լաւրովի պատասխանը էականօրէն փոխուած է:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Լաւրով, պատասխանելով համապատասխան հարցումին, ըսած էր, որ Փառուխ գիւղին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար: Լաւրովի համաձայն, այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն:
«Եւ մենք ունինք գիտակցումը, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Մինչդեռ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան սղագրութեան մէջ իբրեւ Լաւրովի պատասխան նշուած է հետեւեալը. «Յոյս ունինք, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի գործարկումը պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ պիտի չարտօնէ Փառուխի տիպի միջադէպեր»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Լաւրով յայտարարութեան եւ յայտնած. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած սահմանազատման յանձնախումբերու գործունէութիւնը, ինչպէս նախապէս նախատեսուած էր, կը հետապնդէ երկու երկիրներու պետական սահմանի սահմանազատման նպատակ: Այս հոլովոյթի ծիրին մէջ չի նախատեսուիր քննարկել ազրպէյճանական-հայկական պետական սահմանէն դուրս որեւէ հարց, ներառեալ Ազրպէյճանի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ժամանակաւոր տեղակայման տարածքներուն առնչուած»:


