«Հորիզոն»-ի աշխատակից Արիանէ Թասլաքեան հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանին հետ, որ սպառիչ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան համար մղուող «Դիմադրութիւն» շարժման պահանջներն ու հետագայ ծրագիրները, թուրք-ազրպէյճանական գործօնին եւ գերտէրութեանց միջամտութեանց զարգացումները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան Արցախի «Արեւային ջրատաքացման համակարգի» ծրագրին:
Անդրադառնալով «Դիմադրութիւն» շարժման պահանջներուն եւ հետագայ ծրագիրներուն` Ր. Տօնապետեան նշեց, որ այսօր նժարի վրայ դրուած են Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան հարցը, հայու գոյութենական պայքարն ու լինելութեան խնդիրը: Արդէն ամիսէ մը ի վեր ազգային ուժերը կը պայքարին այն գիտակցութեամբ, որ հայրենիքը կարմիր գիծ է, իսկ թուրք-հայկական յարաբերութիւնները` ականապատուած ծրագիր:
Գերտէրութեանց միջամտութեանց ու նպատակներուն անդրադառնալով` Րաֆֆի Տօնապետեան ընդգծեց, որ հարաւային Կովկասը ի մասնաւորի, եւ տարածաշրջանը ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական ճգնաժամի մէջ են, եւ իւրաքանչիւր գերտէրութիւն պիտի փորձէ իր խաղի կանոնները պարտադրել փոքր երկիրներուն: Ուստի պարտ ենք առաւել չափով զգօն ըլլալ եւ չտարուիլ յառաջ նետուած ծրագիրներով` չվտանգելու համար մեր իսկ գոյութիւնը:
ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան նորագոյն նուիրատուութեան ակնարկելով, Բիւրոյի անդամը նշեց, որ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը վերջերս ներդրում բերաւ երկու կարեւոր ծրագիրներու, որոնք պիտի օժանդակեն Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող հայութեան եւ պատերազմին վիրաւորուած զինուորներու վերականգնումին: Առաջին ծրագիրը «Արեւային ջրատաքացման համակարգի» (Solar Panels program) որդեգրումն է Արցախի հանրապետութեան մէջ, որմէ պիտի օգտուին Արցախի սահմանամերձ գիւղերու ընտանիքները, որոնք անցնող ձմրան ամիսներուն, կազի խողովակներու պայթումին իբրեւ հետեւանք զրկուեցան իրենց տուները ջերմացնող միջոցներէ: Իսկ երկրորդը` «Զինուորի Տուն» Վերականգնողական կեդրոնի ծրագիրը: