Հայաստանն ու Ազրպէյճանը այժմ կարելիութիւն ունին յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջ շարժելու: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ նման կարծիք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Քարըն Տանֆրիտը:
«Ես կը հաւատամ, որ այժմ իսկական յոյս կայ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համար կարելիութիւն կայ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ յառաջ շարժելու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչը:
«Կը կարծեմ, որ մենք տեսած ենք, թէ երկու երկիրներն ալ կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկեն», ըսած է Տանֆրիտ:


