ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ Շրջանային աթլեթի յանձնախումբի նախկին անդամ, ֆութպոլի նախկին մարզիչ եւ «Ծառայութեան» շքանշանակիր
ՆԵՐՍԷՍ ՃՈՒՊԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 1 յունիս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր վաստակաշատ վարչական անդամին եւ նախկին ատենապետին`
ՆԵՐՍԷՍ ՃՈՒՊԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 1 յունիս 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Տէրվիշեան-Ճուպանեան
Տէր եւ տիկին Երջան եւ Նանօր Ճուպանեան-Գասարճեան եւ զաւակները` Վարագ եւ Արենի
Տիար Վրոյր Ճուպանեան
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Ճուպանեան եւ ընտանիք
Օրդ. Շուշանիկ Ճուպանեան
Տէր եւ տիկին Արա Ճուպանեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Զարեհ Տէրվիշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Վահէ Տէրվիշեան եւ ընտանիք
Տիար Յարութ Լիպարեան եւ ընտանիք
Ճուպանեան եւ Տէրվիշեան ընտանիքներ
Լիպարեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Աթվուտ եւ Քէչէպաշեան ընտանիքներ
Թորոսեան եւ Թաթարեան ընտանիքներ
Պոյաճեան եւ Տարագճեան ընտանիքներ
Ասատուրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՆԵՐՍԷՍ ՃՈՒՊԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1949-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 1 յունիս 2022-ին, ժամը 6:00-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 3 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 4 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ Ճիւնիի եւ ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղերուն:
—————————————
ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կիրակի, 5 յունիս 2022-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, դպրեվանքի դպիրներուն եւ կիսասարկաւագներուն ձեռնադրութիւնը պիտի կատարուի:
Ձեռնադրիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն` ժամը 10:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Ձեռնադրութենէն ետք Ս. սեղանին սպասարկութիւնը պիտի կատարեն նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները. իսկ Ս. պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ անոնց:
ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 20-էն 25 տարեկան.
Դիմել` հեռ. 03-628076, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00:


