Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաւական Պատրաստուածութիւն Եւ Քաղաքական Հզօրացում

February 28, 2012
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան ազգային-քաղաքական կեանքի եռուզեռը կը շարունակուի: Անթիլիասի միջազգային խորհրդաժողովը հազիւ աւարտած,  լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց սումկայիթեան եղեռնագործութեան զոհերուն յիշատակը, այս անգամ յատուկ նշումով:

«Ղարաբաղեան վէրքերը» փաստավաւերագրական առումով պատերազմի արհաւիրքը, Պաքուի իրականացուցած ջարդերն ու հայ անմեղ բնակչութեան դէմ սանձազերծած պատերազմի ծալքերը բացայայտող տեղեկութիւններու աննախադէպ հաւաքածոյ մըն է, որ ամփոփուած է պուլկարացի լրագրողի տարիներու ընթացքին ռազմաճակատներու վրայ պատրաստուած տեսանիւթերուն մէջ: Տեսանիւթերուն հետեւողը շատ արագ կրնայ հասկնալ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի ձեռք բերման համար դիմուած ինքնապաշտպանութեան  եւ ազատագրական պայքարի շարժառիթները:

Ազրպէյճանական հետեւողական յարձակողապաշտութիւնն  ու շարունակուող ջարդարարութիւնը անպայման կը զուգահեռուին թրքական շարունակուող ցեղասպանութեան հետ: Թուրքեւազրպէյճանական համակարգուած մեքենաները կը շարունակեն բանիլ ինչպէս զինուորական, այնպէս նաեւ քաղաքական եւ տեղեկատուական մարզերուն մէջ: Նաեւ` ցեղասպանական եւ ջարդարարական քաղաքականութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպած իրաւական հարցեր քննարկող միջազգային համագումարը հաստատեց ցեղասպանութեան շարունակականութեան փաստը եւ այդ առումով ճանաչումէն հատուցման հանգրուան անցնելու իրաւական ուղիներու որոնումներուն մէջ նոր հեռանկարներու ուրուագծման նախաքայլեր արձանագրեց:

Հայոց եկեղեցիներու, ազգապատկան կալուածներու, անձնական սեփականութիւններու, ինչքերու, ապահովագրութիւններու եւ տարբեր ունեցուածքներու փաստահաւաքը, գրանցումները, վաւերաթուղթերու համախմբումները հատուցման պահանջատիրութեան նախաաշխատանքները կը կազմեն: Իրաւունքը դատ կ՛ենթադրէ. դատը` ատեան. իսկ ատեանի դիմումը` անառարկելի փաստերու հանրագումարով պատրաստուած թղթածրար` միջազգային օրէնքներու օրինաչափութիւններուն վրայ հիմնուած: Այս թղթածրարի պատրաստութեան նախանշումն էր, որ հատուցման հանգրուանին առարկայականօրէն նախապատրաստուելու ազդանշանը կու տար:

Անթիլիասի միջազգային համագումարը այս բոլորին առընթեր լուռ պատգամ մըն ալ ունէր: Հայկական դաշտին մէջ դերերու բաշխումի եւ համակարգումի անհրաժեշտութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան, հայոց եկեղեցական կեդրոններուն եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն միջեւ, միջազգային ընտանիքին ամէնէն արդիւնաւէտ եւ ազդեցիկ ձեւերով ներկայանալու անհրաժեշտութենէն կը բխի: Հատուցման պահանջատիրութիւնը համազգային խնդիր է եւ բոլորին ներդրումը այստեղ նախապայման է նպատակուղղուած աշխատանքի համար: Լուռ պատգամը հզօրանալու եւ քաղաքական ինքնապարտադրանքի ճամբով միջազգային օրէնքները հայութեան արդար դատաստանին ծառայեցնելու հրամայականն է: «Ուժն է ծնում իրաւունք»-ի նժդեհեան փիլիսոփայութիւնը անգամ մը եւս ինքզինք զգալի կը դարձնէր Անթիլիասի ժողովատեղիին մէջ, երբ ամէն անգամ փորձագէտ մը իրաւական ճամբան նեղ կը գտնէր հայկական իրաւունքներու վերականգնման ուղիները հարթելու համար: Քաղաքական հզօր գործօնի վերածուիլը գերխնդիր է համայն հայութեան համար, մանաւանդ երբ նկատի կ՛ունենանք միջազգային ատեաններու նկատմամբ բանեցուած քաղաքական ճնշամիջոցներու իրականութիւնը: Իրաւականօրէն պատրաստուիլ ուրեմն եւ քաղաքականապէս հզօրանալ:

Արցախը այս առումով ուսանելի դաս ունի հատուցման մեր հետագայ աշխատանքներուն համար: Արցախի ազատագրական պայքարը, ազատագրումը, ինքնորոշումն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը զինուորաքաղաքական հզօրացումն են հայկական գործօնին, որուն հիման վրայ իրականացուած է հողային հատուցումը եւ որուն հիման վրայ միայն Արցախը իրաւականօրէն պատրաստ է այսօր ճանչցուելու համար միջազգային ընտանիքին կողմէ: Առանց առաջինին, երկրորդին համար լաւագոյն պատրաստուածութիւնը կը դատապարտուէր մնալ տեսաբանութեան սահմաններուն մէջ:

Անթիլիասի համագումարը շատ կարեւոր նախաքայլ է մեր հետագայ աշխատանքներուն հունաւորման համար: Անոր լուռ պատգամը` իրաւագիտական նախապատրաստուածութեան առընթեր քաղաքական հզօր գործօն դառնալու համազգային համոզումի հերթական վերաամրագրումն է: Արցախի արձանագրած յաղթերթին ուղիով:

Նախորդը

Խմբագրական. Իրաւական Պատրաստուածութիւն Եւ Քաղաքական Հզօրացում

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկի Թաքուն Բաժինը Եւ Ժողովուրդին Կամքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.