Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ տեղեկացուցած 23 մայիսին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ իր հանդիպումին մասին: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ալիեւ անդրադարձած է հանդիպումի ընթացքին քննարկուած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան առնչուած հարցերուն:
Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ դրական կը գնահատէ եռակողմ հանդիպման արդիւնքները: Ալիեւ նաեւ նշած է, որ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման շուրջ` ներառելով թէ՛ երկաթուղիի, թէ՛ մայրուղիի կառուցումը:
Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է եռակողմ հանդիպման մասին տեղեկատուութեան համար եւ բարձր գնահատած է հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած դրական արդիւնքները: