Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարած է, որ Պրիւքսել կը շարունակէ ջանքեր գործադրել Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման, Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին կազմակերպած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու երրորդ եռակողմ հանդիպումը: Յոյս ունինք տեսնելու յստակ քայլեր, որոնք պիտի աջակցին կայուն խաղաղութեան յառաջ մղման ընթացքին: Եւրոպական միութիւնը կը շարունակէ աշխուժ մասնակցութիւն ունենալ շրջանին մէջ հաշտեցման եւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Պորել: