Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մայիս 18, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Անուան Եկեղեցւոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Նուիրուած Պատմական Իրադարձութիւն

24 ապրիլին Քանաքեռի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ պատմական իրադարձութիւն մը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատարագ  մատուցեց Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի փոխտեսուչ Պետրոս վրդ. Մարաշլեան-Հատտատ:

Խորանին սպասաւորեցին համանուն կրթօճախի նորընծաներն ու եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները, իսկ յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին` թափօրը շարականներու երգեցողութեամբ եւ անուշաբոյր խունկերու խնկարկումով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ արցախեան երկու պատերազմներու նահատակ-մարտիրոսներու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ, որուն օծման արարողութիւնը կատարեց եւ օրուան պատգամը յղեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ` Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:

Ան ըսաւ. «100 եւ 7 տարիներ կը բաժնեն մեզ` մեր պապերուն եւ մամերուն հանդէպ կատարուած  անմարդկային  կոտորածէն, տեղահանութենէն, խոշտանգումէն եւ ցեղասպանութենէն:

Այս բոլորով հանդերձ, այսօր եւս անյագուրդ թրքական վարչակարգը, կողքին ունենալով Ազրպէյճանը, կը փորձէ  համաթուրանական հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել` դարձեալ թիրախ ունենալով մեր երկիրը: Սակայն մեր գոյատեւելու ունակութիւնը եւ անոր համար մաքառելու պատրաստակամութիւնը, որուն ամենավառ վկան են յանուն հաւատքի եւ հայրենեաց սրբադասուած մէկուկէս միլիոն մարտիրոսները, որոնք միշտ ալ բախած են թշնամիին ծրագիրներուն հետ` խոչընդոտելով անոնց իրականացումը:

Արտաքնապէս զուտ աշխարհագրական տարածք թուացող հայրենիք երեւոյթը հայուն համար շատ աւելի լայն, համապարփակ եւ տարողունակ հասկացողութիւն է, որ անթեղուած է մեր մէջ եւ հազարամեակներու խորքէն գալով, հազարամեակներու փորձով թրծուած` պահած ենք մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ», շեշտած է ան:

Հայր սուրբը, նախքան իր պատգամը եզրափակելը, հրաւիրեց ներկաները  վերանորոգ ուխտով ընթանալու դէպի յաւերժութիւն: «Ուստի եկէ՛ք, սոյն խաչքարի օծման նուիրական պահուն, որ կը խորհրդանշէ  հայուն գողգոթան, եւ որուն յաջորդեց հրաշափառ  յարութիւնը, վերանորոգենք մեր ուխտը` նեցուկ կանգնելու մեր մարտունակ բանակին եւ մարտնչող իւրաքանչիւր զինուորի, որպէսզի թշնամին այլեւս ո՛չ միայն չհամարձակի կրկնել 44-օրերուն մղած պատերազմը, այլ նաեւ նոյնիսկ չփորձէ մօտենալ մեր երկրի անառիկ սահմաններուն:

«Սոյն խաչքարը արհաւիրք տեսած, բայց վերընձիւղուած հայուն լուռ վկան դառնայ այն անհերքելի փաստին, որ մենք կրցանք գոյատեւել` շնորհիւ մեր ամրակուռ հաւատքին, աննկուն կամքին, նաեւ` ապրելու, արարելու եւ դէպի յաւերժութիւն ընթանալու նկարագրային խառնուածքին:

Թող մեր սրբադասուած  մարտիրոսներու, ինչպէս եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբան երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը միշտ եւ ամէնուր պահէ ու պահպանէ ազգս հայոց` Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի»:

Ապա ջութակի վրայ Շանթ Դանիէլեան, իսկ քանոնի վրայ Լոռի Կիրակոսեան միասնաբար նուագեցին «Կռունկ» եւ «Կիլիկիա» ստեղծագործութիւնները, որմէ ետք ներկաները երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով մօտեցան խաչքարին, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, այնուհետեւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի «Պահպանիչ»-ով աւարտեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումը:

Արցախի Մէջ Կայացաւ Աբօ Սահակեանի Երգահանդէսը «Թուֆէնքեան« Հիմնադրամի Նախաձեռնութեամբ

Մայիսի 7-ին եւ 8-ին, «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնած «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ Մարտունիի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Երուսաղէմէն եկած հայ յայտնի երգահան, երգիչ Աբօ Սահակեանի երգահանդէսները:

«Թուֆէնքեան» բարեգործական  հիմնադրամը ապրիլին յայտարարեց «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռութեան մասին. նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Հայաստանի եւ սփիւռքի յայտնի, խոստմնալից հայ գործիչները այցելեցին Արցախ եւ հանրային ելոյթներ ունեցան այնտեղ:

Սահակեանի երգահանդէսները կազմակերպուած էին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի, gg ընկերութեան, «Պոլ Էլուարտ» հիմնադրամի եւ «ԿԻՆԻ Ստեփանակերտ» ճաշարանի հետ համագործակցաբար:

««Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան նպատակն էր ներգրաւել եւ աշխուժացնել տեղի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ օգնել բարձրացնելու Արցախի հեղինակութիւնը Հայաստանի մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ», բացատրեց «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան: «Այցելութիւնները պիտի ներառեն ո՛չ միայն հանրային ելոյթներ, այլ նաեւ կլոր սեղան-քննարկումներ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, մարզումներ, ըստ այցելուի», աւելցուց Ճանպազեան:

Մայիս 7-ի համերգը կայացաւ Մարտունիի մշակութային պալատին մէջ, ուր շուրջ 125 երիտասարդ հանդիսատեսներ մասնակցեցան ձեռնարկին: Ստեփանակերտի համերգին, որ տեղի ունեցաւ քաղաքի նորակառոյց «Պոլ Էլուարի ֆրանսախօսութեան կեդրոն»-ին մէջ,  ներկայ էին մօտաւորապէս 200 հանդիսատեսներ, ինչպէս նաեւ` Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, բազմաթիւ հիւրեր եւ մայրաքաղաքի մշակութասէր հանրութիւնը:

«Երգիչը սպասուած եւ սիրուած էր հանդիսատեսին կողմէ, եւ ընդհանրապէս պէտք է նշեմ, որ Արցախի մէջ այս օրերուն  սփիւռքէն եկած իւրաքանչիւր հայի գալուստը կ՛ընդունուի ոգեւորութեամբ: Արցախը կարիք ունի աշխուժ շփումներու եւ համագործակցութեան` ըլլայ այդ մշակոյթի, գրականութեան, գիտութեան, թէ մէկ այլ ոլորտի մէջ», ըսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան:

«Այս առումով, կարեւոր էր «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութեան մեկնարկը, եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակը, մշտապէս ըլլալով Արցախի մէջ մշակութային եւ կրթական կեանքի աշխուժացման ջատագովը, չէր կրնար անմասն մնալ այս գեղեցիկ եւ պահանջուած նախաձեռնութիւնը ի կատար ածելէ», նշեց Աւագեան:

Երկու համերգներուն ալ հիմնականօրէն ներկայ գտնուեցան Արցախի երիտասարդները. երեւոյթ մը, որ ամենաշատը ողջունուեցաւ Սահակեանի եւ անոր խումբին կողմէ: «Երիտասարդները ո՛չ միայն Արցախի ապագան են, այլեւ` ներկան: Թէեւ Արցախի համար դժուար ժամանակներ են, սակայն անոնց ոգեւորութիւնը եւ ուժը տեսնելը շատ ոգեւորիչ էր», մեկնաբանեց Սահակեան:

Աբոն եւ իր նուագախումբը անակնկալօրէն կանգ առին Աղաւնոյ (Արիաւան) գիւղ, ուր անոնք յանպատրաստից համերգով հանդէս եկան գիւղի պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար:

Յայտնենք, որ Աբօ Սահակեան ծնած եւ մեծցած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին` Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի մէջ: Ան կիթառ նուագել սորված է տեղւոյն հայկական վարժարանը յաճախած ժամանակ, իսկ 13 տարեկանին սկսած է ստեղծագործել: 2013 թուականին ան հիմնած է իր սեփական արաբական փոփ-ռոք խումբը` Apo & the Apostles: Խումբը ունեցած է շարք մը տեղական եւ տարածաշրջանային հիթեր:

Աբոն յայտնի է նաեւ հայկական ժողովրդական երգերու իր մենակաբանութիւններով. ան համագործակցած է հայ երգիչներու հետ` Արթուր Խաչենց, Անի Խառատեան ու անոր մեկնաբանութիւններուն եւ ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ`  նուիրեալ հետեւորդներ ձեռք բերած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Ապրիլ 1-ին լոյս տեսած է անոր «Մենք» ալպոմը` հայկական ժողովրդական եւ հեղինակային երգերու հաւաքածոն:

«Իր գաղափարախօսութիւնը հիմք ունենալով եւ մշտապէս պահելով հայրենիքի զարգացման հեռանկարը` gg խումբը շատ կարեւոր կը նկատէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ուղղուած է ձեռնարկներու, նախագիծներու ապակեդրոնացման դէպի սահմանամերձ շրջաններ, յատկապէս Սիւնիք եւ Արցախ` այդպիսով ապահովելով նաեւ բնակչութեան շարժումը դէպի շրջաններ եւ անոնց աշխուժութեան բարձրացման, որ մեր օրերուն կենսական կարեւորութիւն ունի», ըսաւ gg-ի գործառնութիւններու տնօրէն Հայկազ Աղայեանը:

Ըստ Աղայեանի, աջակցելով եւ աշխուժօրէն մասնակցելով ձեռնարկներուն, ինչպէս «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի նախաձեռնած ձեռնարկներու շարքն է, ներդրում կ՛ունենանք դէպի մեր հայրենիքի վաղուան օրը. «Բոլորս ներդրում կ՛ունենանք դէպի ստեղծուելիք ապագան, ուր սահմանամերձ շրջաններու զարգմացման կարեւորութիւնը ա՛լ աւելի ընդգծուած է, իսկ բոլորիս ընդհանուր նպատակը` գիտակցուած», աւելցուց Աղայեանը:

Ըստ Ռուբէն Ճանպազեանի, «Ե՛կ, աշխարհը պիրինք Արցախ» նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ: «Այսպիսի այցելութիւններ յաճախ պիտի ըլլան. այսպիսով, մենք պիտի փորձենք ժողովուրդին թէ՛ ուժ տալ, թէ՛ ցոյց տալ Արցախէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներուն, որ Արցախի դռները բաց են, ու Արցախի ժոովուրդը պատրաստ է ընդունելու զիրենք»:

«Ոսկի Սերմեր». Երգիչ, Խմբավար Գէորգ Հաճեանի Յիշատակինւ Նուիրուած Մրցոյթ

«Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամը եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը յայտարարեցին «Ոսկի սերմեր երախտիքի եւ յարգանքի կրթամրցանակներ» ծրագրին մեկնարկը` նուիրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, երգիչ-խմբավար Գէորգ Հաճեանի յիշատակին:

«Ոսկի սերմեր» ծրագրի նպատակը ո՛չ միայն արձանագրելն է արցախեան գոյամարտի ընթացքին անմահացած հերոսներուն սխրանքը, այլ նաեւ իրենց կեանքը յանուն հայրենիքի զոհաբերած այդ նուիրեալներուն անունները շաղկապելն է մեր երկրի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի առաջընթացի գաղափարին` խրախուսելով օժտուած, շնորհալի երիտասարդները: Ծրագրի կարգախօսն է` «Մեզ թաղեցին, բայց չգիտէին, որ մենք սերմեր ենք»:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի «Կատարողական արուեստ» մասնագիտութեան «Վոքալ արուեստ` ակադեմական երգեցողութիւն» պսակաւոր արուեստից կրթական ծրագրով ուսանող, վճարովի համակարգի 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ դասարանի ուսանողները:

Մասնակիցին մրցութային ելոյթը պէտք է ընդգրկէ 2 ստեղծագործութիւն մասնակիցին ընտրութեամբ, որոնցմէ մէկը` հայ երգահանի երգ կամ արիա պէտք է ըլլայ:

Մրցոյթին ներկայացուող ստեղծագործութիւնները անհրաժեշտ է իրականացուին անգիր:

Մրցոյթին յաղթողը կը պարգեւատրուի «Ոսկի սերմեր» կրթամրցանակով` 2 հարիւր հազար հայկական դրամի չափով:

Մրցոյթի մասնակցութեան դիմումնագիրը անհրաժեշտ է ներկայացնել մինչեւ 2022-ի մայիս 11-ը Երեւանի պետական երաժշտանոցի ակադեմական երգեցողութեան ամպիոն:

Մրցութային ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ մայիս 13-ին` ժամը 12.00-ին, Երեւանի պետական երաժշտանոցի դահլիճին մէջ:

Մրցութային ելոյթները պիտի գնահատուին դատական կազմի կողմէ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են` Երեւանի պետական երաժշտանոցէն դասախօսներ, «Հայ Ձմեռ պապ» հիմնադրամէն եւ Հաճեան ընտանիքէն ներկայացուցիչներ, բարերարներ:

Հաղորդենք, որ դատական կազմի որոշումները պիտի նկատուին վերջնական:

Մարտակերտ Քաղաքին Մէջ Կայացաւ «Արցախ Սթեմ Էքսփօ» Կրթական Արհեստագիտական Ձեռնարկ

Մայիս 8-ին Մարտակերտի մէջ կայացաւ «Արցախ ՍԹԵՄ էքսփօ» (Artsakh STEM Expo) կրթական-արհեստագիտական ձեռնարկ, որ նախաձեռնած էր «Արցախի երիտասարդ մտքեր» կազմակերպութիւնը` Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Այս մասին յայտնեցին Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն:

Ձեռնարկին նպատակը դպրոցականներուն եւ երիտասարդներուն շրջանին մէջ բնագիտական, արհեստագիտական, ճարտարագիտական եւ մաթեմատիկայի նկատմամբ հետաքրքրուածութեան մակարդակը բարձրացնելն էր, ինչպէս նաեւ` մասնագիտական կրթութեան եւ աշխատանքի շուկային միջեւ կապեր ստեղծելը:

«Արցախ ՍԹԵՄ էքսփօ»-ի մասնակիցներուն ողջունած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը:

Նախարարը ընդգծած է, որ նմանատիպ ձեռնարկները կը նպաստեն երիտասարդներու շրջանին մէջ նորարարական արհեստագիտութիւններու եւ բնական գիտութիւններու հանդէպ հետաքրքրութեան աճին: Ձեռնարկը, որուն կը մասնակցէին Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր բնակավայրերէն 400 դպրոցականներ եւ երիտասարդներ, Արցախի մէջ իրականացուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով:

Խորանաշատ Վանական Համալիրի 800- ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Մեկնարկ Տրուեցաւ Ցուցահանդէսի Բացումով

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի թանգարանային մասնաշէնքին մէջ «Խորանաշատի ձեռագրական գանձերը» խորագրով ցուցահանդէսի բացումով ազդարարուեցաւ Խորանաշատի 800-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը:

Այս ձեռնարկներու ծրագրին մեկնարկին նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեան նշեց, որ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ մայիս 11-29-ին Երեւանի եւ Տաւուշի մարզի Չինարի համայնքին մէջ պիտի իրականացուին ձեռնարկներ` նուիրուած Խորանաշատ վանական համալիրի 800-ամեակին:

«Մեր քաղաքականութիւնն է, որ որեւէ ձեռնարկ չըլլայ զուտ իբրեւ ձեռնարկ, այլ ունենայ հանրութեան ուղղուած յստակ ուղերձներ: Այսօր մենք հաւաքուած ենք ո՛չ միայն  Խորանաշատ վանական համալիրի 800-ամեակի կարեւոր առիթը օգտագործելու եւ մեր խոնարհումը բերելու այդ հսկայական կառոյցի նշանակութեան, մշակութային, հոգեւոր, աստուածաբանական եւ կրթական նշանակութեան առջեւ, այլեւ` հանրութեան այդ ամէնուն մասին յիշեցնելու: Եւ պատահական չէ, որ մենք կազմակերպիչներուն հետ ի սկզբանէ նպատակ դրած ենք, որ այդ ձեռնարկները պէտք է ըլլան շատ բարձր մակարդակով կազմակերպուած, անոնք պէտք չէ ըլլան համայնքային պարփակուած ձեռնարկներ, այլ պէտք է յարիր ըլլան ամենամեծ քաղաքին մէջ նշանաւորուող ձեռնարկներուն մակարդակին եւ որակին», նշեց Խզմալեան:

Ան աւելցուց, որ մեկնարկը պիտի տրուի մայիս 28-ին, Խորանաշատի մէջ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբին համերգը: Մայիս 29-ին տեղի պիտի ունենայ «խորանաշատ 800» գիրք-ալպոմին շնորհահանդէսը, որուն պիտի յաջորդէ գիտաժողով` նուիրուած գիտական, հոգեւոր կեդրոնի 800-ամեակին:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կազմակերպիչներուն` այս կարեւոր ձեռնարկներուն շղթային աջակցելու համար:

«Շուրջ 5 տարի առաջ էր, որ Խորանաշատի մէջ, կարելի է ըսել` առաջին անգամ հարիւրամեակներու ընդհատումէ ետք, եպիսկոպոսական սուրբ պատարագ մատուցուեցաւ, եւ այդ մեզի համար նոր լիցք էր, նոր հրաւէր էր, որպէսզի մենք կարենանք Խորանաշատի դերը, նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը փոխանցել մեր ժողովուրդին: Խորանաշատը սահմանապահ վանք է, ժամանակին անիկա կը գտնուէր Հայաստանի սրտին մէջ, բայց պատմութեան հոլովոյթին` անիկա դարձաւ սահմանապահ վանք` գտնուելով թշնամիին դիրքերէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ: Մեզի համար կարեւոր է նաեւ մայիս 28-ը, որովհետեւ այդ օրը մենք մեզ այլ տեղ չէինք պատկերացներ, քան` մեր պետութեան սահմանագլխուն», յայտնեց  Տաւուշի թեմի առաջնորդը:

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան ընդգծեց կարեւոր փաստ մը, որ Մատենադարանին մէջ պահուող որոշ ձեռագիրներ տարին մէկ անգամ շատ բացառիկ առիթով դուրս կը բերուին եւ կը տարուին այս կամ այն եկեղեցի, որ որեւէ կերպով կապուած է այդ ձեռագրին հետ:

«Մենք քիչ մը պահպանողական ենք այս հարցին գծով: Ձեռագիրը, ինչպէս` իր ծնողներուն լսող երեխան, անպայման գիշերը տուն կու գայ: Բայց եւ այնպէս Խորանաշատի 800-ամեակին առիթով մեր ոգեւորութիւնը այնքան մեծ է, որ մենք Մատենադարանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացառութիւն պիտի կատարենք եւ 1224 թուականին գրուած «Խորանաշատի Աւետարան»-ը մէկ օր պիտի գիշերէ վանքին մէջ», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Արցախ ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուսական Բանակին Յաղթական Յառաջխաղացքը Եւ Փաւէլ Ա.-ի Գահակալութենէն Ետք` Հեռացումը Անդրկովկասէն

Յաջորդը

Մայիս 18-ը` «Թանգարաններու Միջազգային Օր»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?