Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Թիւով Հարիւրամեայ Անձեր Աշխարհին Մէջ

Մայիս 14, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Աշխարհի ամէնէն տարիքոտ անձը 118 տարեկան ֆրանսացի կին մըն է: Ան կը յաջորդէ ճափոնցի կնոջ մը, որ մահացաւ 119 տարեկանին: Անոնց նման շատ աւելի մեծ թիւով անձեր կը հասնին այս հարիւրամեայ տարիքին:

***

Ապրիլ 19-ին Ճափոնի մէջ մահացաւ 119 տարեկան Քանէ Թանաքան: Այս կինը «մարդկութեան երէց»-ն  էր, այսինքն` ամէնէն տարիքոտ մարդ արարածը: Այժմ աշխարհին ծանօթ ամէնէն տարիքոտ անձը 118 տարեկան քոյր Անտրէն է: Այս մայրապետը կ՛ապրի ծերանոցի մը մէջ, Ֆրանսայի հարաւը: Ան կը փափաքի հասնիլ աշխարհի ամէնէն տարիքոտ անձին` Ժանն Քալմանի մրցանիշին. այս ֆրանսացի կինը մահացած է 1997-ին, 122 տարեկանին:

***

Այս ձեւով Լիւսիլ Ռանտոն ստացաւ «մարդկութեան երէց»-ի տիտղոսը, եւ անոր անունը արձանագրուեցաւ «Կինես»-ի մրցանիշերու գիրքին մէջ: Աւելի երիտասարդ տարիքին ան կը զբաղէր մանուկներ խնամելով: Ապա, 1944 թուականին ան վանք մտաւ եւ մայրապետ դարձաւ: 2021 թուականին ան երկու անգամ «Քովիտ-19» ժահրով վարակուեցաւ: Սակայն այժմ անոր առողջութիւնը շատ լաւ է:

***

Աշխարհի մէջ կիները մօտաւորապէս 6 տարի աւելի կ՛ապրին այր մարդոցմէ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ որովհետեւ անոնք նուազ ոգելից ըմպելիներ կը խմեն եւ կը ծխեն, քան` այր մարդիկ: Հետեւաբար անոնք նուազ ծանր հիւանդութիւններէ կը տառապին: Այս ձեւով, գիտնականները կը մտածեն, որ կիներու մարմինը բնականօրէն աւելի տոկուն է:

***

Գիտէի՞ր, թէ Ճափոնի մէջ է, որ կ՛ապրին ամէնէն մեծ թիւով հարիւրամեայ մարդիկը, հազարէն աւելի քան մէկ ճափոնցի հարիւրամեայ է: Այս ձեւով, Ճափոնի հարաւը Օքինաուա կղզիները անուանուած են «անմահներու երկիր». հոն բնակիչները շատ երկար կ՛ապրին: Անոնց գաղտնիքը պարզ է. քիչ մը մարզանք, թեթեւ ուտելիքներ, սթրեսի պակաս…

***

Կարելի է, որ նոր սերունդը առիթը ունենայ ապրելու մինչեւ 100 տարեկան, որովհետեւ բժշկութիւնը մեծ յառաջդիմութիւններ կ՛արձանագրէ: Ըստ կարգ մը գիտնականներու, մարդիկ կրնան ապրիլ նոյնիսկ մինչեւ 150 տարեկան:

Թռչող Պապուկը

Ծանօ՞թ ես «ուինկ ուոքինկ»-ին: Այս արտասովոր «մարզաձեւը» կարելի է բացատրել «թեւին վրայ քալել» նախադասութեամբ: Սակայն այս մարզաձեւին ընթացքին անձը պարզապէս անշարժ կը մնայ, կանգնած կը մնայ թռչող օդանաւի մը թեւին վրայ:

Անգլիացի Իվոր Պաթթըն կրցաւ մրցանիշ մը արձանագրել` 95 տարեկանին դառնալով աշխարհի ամէնէն տարիքոտ անձը, որ այս իրագործումը կատարեց: Ան բարձրացաւ Անգլիոյ Կլաուսթշայրի օդակայանին մէջ օդանաւի թեւին վրայ եւ հոնկէ վար իջաւ Հիւսիսային Իրլանտայի Տերի օդակայանին մէջ, 1 ժամ եւ 20 վայրկեան թռիչքէ մը ետք:

Այս քաջ պապիկը իր այս քաջագործութեամբ կրցաւ դրամ հաւաքել` պայքարելու համար հիւանդութեան մը դէմ, որմէ իր ընտանիքէն բազմաթիւ անդամներ կը տառապին:

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Շունը

Թոպիքիթ 21 տարեկան չիուաուա տեսակի արու շուն մըն է: Ընդհանրապէս այս տեսակի շուները կ՛ապրին 12-18 տարեկան:

Թոպիքիթ աշխարհին ծանօթ ամէնէն տարիքոտ շունն է: Եւ այս պատճառով անոր անունը արձանագրուեցաւ «Կինես»-ի մրցանիշերու գիրքին մէջ:

Անոր տէրը` Ճիզելա, զայն որդեգրեց, երբ ան փոքրիկ ձագուկ մըն էր: Թոպիքիթ կ՛ապրի իր տիրոջ` Ճիզելայի, ուրիշ 2 շուներու եւ 2 թութակներու հետ, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Թոպիքիթ կը տառապի սրտի հիւանդութենէ, սակայն ան այժմ լաւ է: Ան կը հանգստանայ Ճիզելայի մօտ, երբ Ճիզելա կ՛աշխատի եւ կարճ պտոյտներ կ՛ընէ: Անոր սննդականոնը հաւասարակշռուած է, եւ ան իր շրջապատին կողմէ շատ սիրուած շնիկ մըն է:

Գիտէի՞ր, Թէ…

 Շուներուն Տարիքը

Շուները շատ աւելի շուտ կը ծերանան, քան` մարդիկ: Միջին հաշուով, անոնք կ՛ապրին 10-13 տարեկան: Սակայն շուներուն տարիքը կախեալ է իրենց չափէն. պզտիկ շուները շատ աւելի երկար կ՛ապրին, քան` մեծերը:

Պզտիկ շուները`

– Նուազ քան 15 քիլօ
– Օրինակի համար` քանիշ, քոքըր, թեքել…
– Կ՛ապրին մինչեւ 20 տարեկան
– Ծերութեան տարիք` 9 տարեկան
– Մարդկային տարիքով` 1 տարեկան = 20 տարեկան, 5 տարեկան = 40 տարեկան, 10 տարեկան = 60 տարեկան:

Միջակ չափով շուները`

– 15-40 քիլոյի միջեւ
– Օրինակի համար` ճըրմըն շեփըրտ, լապրատոր, պաքսըր…
– Կ՛ապրին մինչեւ 16 տարեկան
– Ծերութեան տարիք` 8 տարեկան
– Մարդկային տարիքով` 1 տարեկան = 18 տարեկան, 5 տարեկան = 45 տարեկան, 10 տարեկան = 75 տարեկան

Մեծ շուները`

– Աւելի քան 40 քիլօ
– Օրինակի համար` տոկը, սեն-պերնար…
– Կ՛ապրին մինչեւ 13 տարեկան
– Ծերութեան տարիք` 6 տարեկան
– Մարդկային տարիքով` 1 տարեկան = 16 տարեկան, 5 տարեկան = 49 տարեկան, 10 տարեկան = 96 տարեկան:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ծաղիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս կատարել թուաբանական հաշիւները եւ անոնց պատասխանները զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Մայիս 2022)

Յաջորդը

Հայ-Լեհական Դիւանագիտութեան Առարկայական Արժեւորումներ` 1992 – 2022

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?