Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միրզոյեան, Պայրամով Եւ Լաւրով Քննարկեցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները

Մայիս 13, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12 մայիսին Տուշանպէի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի, Ճէյհուն Պայրամովի եւ Սերկէյ Լաւրովի, որ տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, թէ Մոսկուան շահագրգռուած է, որ Հարաւային Կովկասը վերածուի խաղաղութեան, կայուն զարգացման եւ բարգաւաճման գօտիի:

Ըստ Լաւրովի, Մոսկուան շահագրգռուած է կողմերուն միջեւ վստահութեան մեծացումով եւ հայ-ազրպէյճանական լիարժէք յարաբերութիւններու կարգաւորման համար պայմաններու ստեղծումով: «Յոյսով եմ, որ այսօրուան հանդիպումը կարելիութիւն կու տայ յառաջ ընթանալ այն ուղիով, զոր նախանշած են մեր ղեկավարները», ըսաւ ան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին դիտել տուաւ, որ հանդիպումը «լաւ կարելիութիւն է` քննարկելու յառաջընթացը, որուն կարելի է հասնիլ»: Ան միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնեց, որ «տակաւին կարելի չէ եղած յառաջընթացի հասնիլ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու բացման ուղղուած աշխատանքներուն մէջ»:

«Գիտեմ, որ պաշտօնակիցներու միջեւ կապերը կը շարունակուին: Կը կարծեմ, թէ կայ լաւ հեռանկար, լաւ կարելիութիւն արդիւնքի հասնելու եւ եռակողմանի յայտարարութիւնները ամբողջութեամբ իրականացնելու համար», ըսաւ ազրպէյճանցի նախարարը: Ան աւելցուց, որ վերջին շրջանին բաւական աշխուժ կապեր հաստատուած են պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկին ուղղութեամբ:

«Կը կարծեմ, թէ լաւ զարգացումներ, ըմբռնում կայ սահմանազատման հարցերու յանձնախումբին մէջ կողմերու կազմին եւ ներկայացուցչականութեան առումով, նաեւ կը կարծեմ, թէ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ առնուազն սկսիլ այս հոլովոյթին», ըսաւ Պայրամով:

Նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպման մեկնարկին շեշտեց` Հայաստանը եղած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ երեք երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու եւ յայտարարութիւններու իրականացման` շրջանին մէջ տնտեսական ենթակառուցուածքներու հաղորդակցութիւններու բացման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կամ` յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրի, յարաբերութիւններու հաստատման ու մնացեալ բոլոր խնդիրներու լուծման, որոնց կարգին` մարդասիրական, ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ այլ խնդիրներու, որոնք կը մնան չլուծուած», ըսաւ ան:

Հանդիպումի աւարտին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախարարները քննարկեցին եռակողմանի յայտարարութիւններու պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, շրջանային հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ստեղծման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանագիրին առնչուող հարցեր:

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծման ծիրին մէջ արցախահայութեան անվտանգութեան, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ:

Միրզոյեան-Լաւրով Հանդիպում

Եռակողմանի հանդիպումէն առաջ տեսակցեցան Սերկէյ Լաւրով եւ Արարատ Միրզոյեան, որ յայտնեց, թէ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յանձնախումբերու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16-17 մայիսին, Մոսկուայի մէջ, ուր պիտի քննարկուի հաղորդակցական ուղիներու հարցը, կայ պայմանաւորուածութիւն, որ նոյն օրերուն կազմակերպուի նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցով երկկողմանի հանդիպում:

Նախարարները անդրադարձան եռակողմանի յայտարարութիւններով ստանձնած յանձնառութիւններու իրականացման ընթացքին, ապա ընդգծեցին շրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը` շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերու եւ Ազրպէյճանի հետ կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ:

Նշուեցաւ նաեւ, որ, նախնական տուեալներով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրորդ կիսամեակին` հոկտեմբերէն դեկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան:

 

 

 

Նախորդը

2022-ի Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Չորրորդ Եւ Վերջին Փուլը` Կիրակի, 15 Մայիսին

Յաջորդը

Դիմադրութեան Երթը` Դէպի Գլխաւոր Դատախազութիւն

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?