Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճան Հայաստանին Առաջարկած Է Սահմանազատման Յանձնախումբը Ղեկավարել Վարչապետի Մակարդակով, Համաձայնած Են» Կ՛ըսէ Պայրամով

Մայիս 11, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետին, Ազրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ 6 ապրիլին կայացած հանդիպումէն ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն մէկն այն էր, որ պիտի ստեղծուի սահմաններու սահմանազատման հարցերով յանձնախումբ: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:

Ան նշած է, որ առաջին հանդիպումը կը նախատեսուէր կատարել մինչեւ ապրիլի վերջ: «Կրնամ նշել, որ մինչեւ հանդիպումը իմ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի միջեւ կայացած են երկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին Ազրպէյճանը իր առաջարկները ներկայացուցած է յանձնախումբի կազմին վերաբերեալ: Ազրպէյճանի առաջարկը այն էր, որ յանձնախումբը պէտք է կազմակերպուի այլ ձեւաչափով, այսինքն` անձը, որ յանձնախումբը պիտի ղեկավարէ, ըլլայ վարչապետի մակարդակով: Տակաւին առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ատիկա ըմբռնումով ընդունեց` ըսելով, որ այս առաջարկը Հայաստանի մէջ քննարկելու համար աւելի շատ ժամանակ պէտք է: Ապա հայկական կողմը յայտարարեց, որ այս առաջարկը իրենց համար ընդունելի է: Կողմերուն միջեւ յանձնախումբի կազմին վերաբերեալ համաձայնութիւն կայ: Ազրպէյճանական կողմը արդէն պատրաստ էր այս հանդիպումը կատարելու ապրիլին: Հայկական կողմի ընթացակարգերուն աւարտէն ետք հանդիպում կրնայ կայանալ», աւելցուցած է նախարարը:

Ազրպէյճան Դարձեալ Կը Խօսի Տիգրանաշէնը
Եւ 7 Հայկական Այլ Գիւղեր «Վերադարձնելու» Մասին

«Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով յայտարարած է, որ պրիւքսելեան հանդիպումին հիմամբ հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագիրին եւ սահմանազատման հոլովոյթին համար համաձայնութիւն տուած է:

Ան նշած է, որ խաղաղ բանակցութիւնները պիտի կատարուին Ազրպէյճանի 5 կէտերէ բաղկացած առաջարկներուն հիման վրայ:

Ան անդրադարձած է Ղազախի (Տաւուշի) շրջանի 7 գիւղերու եւ Տիգրանաշէնի «վերադարձի» հարցին` նշելով, որ այդ հոլովոյթը պիտի կատարուի սահմանազատման հոլովոյթի պահանջներուն համապատասխան:

«Այդ տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու առնչուած հարցը պիտի լուծուի ընթացող բանակցութիւններուն հիմամբ: Հայաստանը երբեք պիտի չկարենայ յայտարարել, որ այդ տարածքները Ազրպէյճանի տարածքը չեն: Որովհետեւ այդ տարածքներու Ազրպէյճանին վերադարձը կը պահանջէ սահմանազատման հոլովոյթ, հարցը պիտի քննուի ճիշդ այս ծիրին մէջ: Պիտի քննարկուի այդ տարածքներու Ազրպէյճանին «վերադարձը», եւ լուծում պիտի գտնուի», ըսած է Խալաֆով:

 

 

 

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՛աջակցի Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խնդիրներու Կայուն Լուծման» Կ՛ըսէ Վիքթորին

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն, Իսկ Ընդդիմութեան՝ Բռնութիւններէ Զերծ Մնալու

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?