Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեխի Լոգանք

Ապրիլ 30, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս իւրայատուկ լոգանքը տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի մարտ կամ ապրիլ ամիսներուն, Ինտոնեզիոյ Պալի կղզիին Քետոնկանան գիւղին մէջ, պալինական նոր տարուան յաջորդ օրը:

Պալինական նոր տարին Նիեփի կղզիի հինտու կրօնին հետեւորդները ամէնէն կարեւոր տօնն է: Անիկա տեղի կ՛ունենայ գարնանային գիշերահաւասարի նոր լուսինի նոյն տեւողութիւնը ունին: Տօնակատարութիւնները կը տեւեն 6 օր:

***

Նիեփին ճանչցուած է նաեւ իր լռութեան օրով: Այդ օրը ամբողջ կղզիին վրայ ամբողջական լռութիւն կը տիրէ, մինչ ամբողջ աշխարհը կը նախընտրէ ուրախութեան ձայներով, պայթուցիկներով եւ հրախաղերով ընդունիլ նոր տարին: Մարդիկ գործի չեն երթար, ամէն ինչ փակ կը մնայ, եւ ո՛չ մէկ զուարճութիւն տեղի կ՛ունենայ: Նիեփի լռութեան, պահեցողութեան եւ մտախոհութեան օր է:

***

Սակայն նոր տարուան յաջորդող օրը շատ աւելի աշխուժ է: Այդ օրն է, որ տեղի կ՛ունենայ ցեխի լոգանքը Քետոնկանան կղզիին վրայ: Ամէն մարդ կը մասնակցի այս տօնակատարութեան, կիները հագուստով, այր մարդիկն ալ միայն տաբատ հագուած:

Այս ձեւով հարիւրաւոր մարդիկ կը հաւաքուին արեւադարձային անտառին ցեխոտ տարածքին վրայ: Ցեխի լոգանքը կրնայ սկսիլ: Մարդիկ զիրար ցեխով կը ծածկեն հեռացնելու համար ժխտական ուժերը: Այս մեծ արարողութեան կրնան մասնակցիլ նաեւ մանուկները: Ասիկա ձեւ մըն է զանոնք քաջալերելու` բնութեան մօտիկ ըլլալու եւ զայն պաշտպանելու:

Ցեխի լոգանքէն ետք բոլոր գիւղացիները միասին կ՛ուղղուին դէպի մօտակայ ծովափը` լուացուելու համար:

Այս տարի ցեխի լոգանքը տեղի ունեցաւ 4 մարտին:

Բարձի Կռիւի Ախոյեանութիւն

Վստահաբար պատահած է, որ ընկերներով հաճելի ժամանակներ անցուցած էք ինքնաբուխ բարձերու կռիւներ կազմակերպելով ձեր տան մէջ: Սակայն գիտէի՞ր, թէ մեծ զուարճութիւն յառաջացնող այս ժամանցը դարձած է շատ լուրջ մարզաձեւ մը` իրեն յատուկ օրէնքներով:

***

Խաղին օրէնքները կը նմանին բռնցքամարտի օրէնքներուն: Մարզիկները իրարու դէմ կը կռուին ռինկին մէջ, 90 երկվայրկեան տեւող 2 մաչերու ընթացքին, իրաւարարի մը եւ 3 դատաւորներու հսկողութեան տակ: Յաղթողը կը նշուի խաղին վերջաւորութեան, երբ կէտերը կը հաշուըւին: Աւարտականը կը խաղցուի 3 մաչով: Ինչ կը վերաբերի բարձին, բարձերեսը պէտք է պատրաստուած ըլլայ յատուկ նիւթով մը եւ չպատռուի: Բարձը կը կշռէ մէկ քիլոյէն քիչ մը աւելի եւ ունի 3 երիզ` աւելի լաւ բռնուելու համար: Եւ վերջապէս` մարզահագուստի մասին. մարզիկները կրնան նոյնիսկ մասնակցիլ իրենց փիժաման հագուած…

***

Ճիշդ է, որ այս մարզաձեւը ֆիզիքական ուժի կը կարօտի: Պէտք է ճիշդ անդրադարձ շարժումները ունենալ եւ լաւ ղեկավարել ճիգերը: Մարզիկը որքան զօրաւոր եւ արագ զարնէ, այնքան յաղթելու առիթը ունի: Սակայն հանդիսատեսները չեն սիրեր բռնութիւնը, եւ մարզիկները չեն սիրեր վիրաւորուիլ: Բարձերու կռիւը բնցքամարտի նման բուռն չէ:

Յունուարի վերջաւորութեան Միամիի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ բարձի կռիւի առաջին ախոյեանութիւնը: Անոր մասնակցեցան 16 այր մարդիկ եւ 8 կիներ: Այս մարզաձեւին առաջին ախոյեանները դարձան պրազիլցի Իսթելա Նունիեզ եւ ամերիկացի Հոլէյ Թիլման:

***

Իսկ գիտէի՞ր, թէ ապրիլ ամսու առաջին շաբաթ օրը հռչակուած է Բարձի կռիւի միջազգային օր: Անիկա տեղի կ՛ունենայ 2009 թուանակէն ի վեր: Այս առիթով աշխարհի տարբեր քաղաքներ կը մասնակցին «տօնակատարութեան»` փորձելով նոր մրցանիշ մը արձանագրել:

Այժմ այս տիտղոսը կը պահէ Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Պրուքինկզ քաղաքը` իր 4200 մասնակիցներով, 2015-ի Բարձի կռիւի միջազգային օրուան ընթացքին:

Այլազան

 Տօնակատարութիւններու Մասին

– Գերմանիոյ Պաւարիա շրջանի գիւղերը գարունը կը դիմաւորեն զարդարուած ծառի կոճղեր դնելով: Մարդիկ նոյնիսկ կը գողնան ուրիշ գիւղերու զարդարուած կոճղերը:

– Չինական նոր տարուան տօնակատարութիւններուն համար շինուած վիշապի տարազները ընդհանրապէս կ՛ունենան 9, 11 կամ 13 կցուածքներ, որովհետեւ Չինաստանի մէջ անզոյգ թիւերը բախտաբեր կը համարուին:

– Թայուանի Փինկչի երկնքի լապտերներու փառատօնին ընթացքին գիշերային երկինքը կը ծածկուի 100 հազարէն 200 հազար լապտերներու լոյսերով:

– Աւստրալիոյ Թունարամա փառատօնին ընթացքին մարդիկ լման թոն ձուկեր կը նետեն տեսնելու համար, թէ որքա՛ն հեռու կրնան նետել:

– Շատ հին ժամանակներուն նորվեկիացիները կը հաւատային, որ վհուկները աւելները կը գողնային անոնց միջոցով թռչելու համար: Ծնունդին գիշերը, տակաւին մինչեւ այսօր աւանդութիւնը շարունակելով, մարդիկ իրենց աւելները կը պահեն Ծնունդին գիշերը անկողին երթալէ առաջ:

– Մինչ Թայլանտի մէջ մարդիկ հին տարին ճամբու կը դնեն տունը մաքրելով անուշահոտ ջուրով: Այս արարողութեան յատուկ փիղեր իրենց կնճիթով ջուր կը սրսկեն Սոնկքրան նոր տարուան երեք օր տեւող փառատօնին ընթացքին:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ճուտիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել թիւերուն տախտակը` թուաբանական գործողութիւններուն պատասխանները դնելով իրենց համապատասխանող տեղերը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (29 Ապրիլ 2022)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մայիս 1-ի Ժառանգութիւնը 2022-ին. Մտածումներ` Պատերազմի, Խաղաղութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?