ՄԱՀԱԶԴ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ իր երկար տարիներու նախկին անդամին`
ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2022-ին, Քանատա:
—————————————
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ կիրակի, 1 մայիս 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մանկապատանեկան «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՒԷՆ ՎՐԴ. ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
Կը հրաւիրենք հաւատացեալները իրենց փոքրերով ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին` ըմբոշխնելու համար հոգեպարար արարողութիւնը:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՆԱՀԻՏ-ԱՆԻ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆի (ծնեալ` ՕՀԱՆԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 մայիս 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԲԱՐՍԵՂ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 1 մայիս 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հագուստեղէնի վաճառատուներու ցանցի համար կ՛ուզուին վաճառողներ, վաճառատան պատասխանատու, պահեստի պատասխանատու եւ աշխատող:
Բարձր աշխատավարձ:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 03-267009 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Առեւտրական հաստատութիւն մը կարիք ունի երիտասարդ տղամարդ պաշտօնեայի մը` 18-22 տարեկան.
Դիմել` հեռ. 03-628076, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-4:00:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Bijouterie GARO կարիքը ունի ոսկերիչի մը, ադամանդաշարի մը, ոսկի փայլեցնողի մը, «Մաթրիքս»-ի վարպետներու:
Նաեւ քարտուղարուհիի մը, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիտնալը պայման, ինչպէս նաեւ քաջածանօթ ըլլայ համակարգչային ծրագիրներու գործածութեան:
Դիմել` հեռ. 03-207772 եւ 01-266514 թիւերուն:
—————————————
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695869: