Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Վերաքննիչ Դատարաններէն Մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Իրաւայաջորդները Զրկեց Հատուցում Ստանալու Իրաւունքէն

February 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Համբարեան

Միացեալ Նահանգներու 9-րդ շրջանային վերաքննիչ դատարանը հինգշաբթի օր որդեգրած է որոշում մը, ըստ որուն, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու իրաւայաջորդները չեն կրնար իրենց նախնիներու ապահովագրական համաձայնագիրին հիմամբ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ հայցեր ներկայացնել:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ դատարանի որոշումին մէջ կը նշուի, որ միայն Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային կառավարութիւնը իրաւունք ունի օտարերկրեայ իրաւաբանական անձերու դէմ հայցեր ներկայացնելու դատարան:

2009-ին Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինը որդեգրած էր օրէնք մը, որ Քալիֆորնիոյ դատարաններուն թոյլ տուած էր քննութիւն կատարել 1875-1923 թուականներուն Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ հայերուն վաճառուած ապահովագրական համաձայնագիրներու համար ներկայիս «Միւնիխ Ռէ» գերմանական ապահովագրական ընկերութեան իրաւանախորդ կամ դուստր ընկերութիւններէն հատուցում պահանջելու առնչութեամբ հայցերուն առնչութեամբ:

«Սահմանադրութիւնը դաշնակցային կառավարութեան արտաքին յարաբերութիւններ վարելու բացարձակ իրաւունք կը վերապահէ: Արտաքին յարաբերութիւններու հայեցակարգին համաձայն, այն նահանգային օրէնքները, որոնք կը միջամտեն դաշնակցային իրաւունքին, կը կանխարգիլուին», ըսուած է դատարանի որոշումին մէջ:

Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ միաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին մէջ կ՛ըսուի, որ նահանգային դատարանները իրաւունք չունին որոշումներ տալու այն հարցերուն առնչութեամբ, որոնք կրնան արտաքին յարաբերութիւններուն վրայ ազդել:

Այս առնչութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը տարածելով խստիւ դատապարտեց վերոնշեալ որոշումը:

«Դատարանի այսօրուան որոշումը ցոյց կու տայ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան Սպիտակ տան մեղսակցութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, թէ անհրաժեշտ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատշաճ կերպով ճանչնայ մարդկութեան դէմ իրականացուած այս յանցագործութիւնը», ըսած է Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան:

Ասիկա երրորդ անգամն է, որ դատարանը վերոնշեալ հարցին վերաբերեալ ոոոշում կ՛որդեգրէ: Նոյն դատարանը 2009-ին բեկանած էր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ իրենց անտեսուած իրաւունքները վերականգնելու համար օտար ընկերութիւններու դէմ դատական գործեր յարուցելու` Քալիֆորնիոյ նահանգային օրէնքը: Սակայն 2010-ին չեղեալ յայտարարած էր 2009-ին իր որդեգրած որոշումը:

 

Նախորդը

Հոլլանտ Շահագրգռուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծին Որդեգրումով

Յաջորդը

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մարդուժի Պակաս Չունի» Կը Նշէ Վահան Յովհաննիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.