«Հայաստան կրկին կը դիմէ քայլերու, որոնք կը վկայեն Երեւանի մօտ Պաքուի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու իրական ցանկութեան բացակայութեան մասին», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան նախանցեալ օր հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պաքուն այսպիսով արձագանգած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան` Մարաղայի ջարդերու 30-ամեակին նուիրուած յայտարարութեան:
«Մենք կը մերժենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հերթական անհիմն, անօրինական եւ թշնամական յայտարարութիւնը եւ վճռականօրէն կը դատապարտենք հայկական կողմի ապակառուցողական դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է պահու մը մէջ, երբ երկու երկիրները որոշած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերու ձեռնարկել», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:


