Երէկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ի շարունակութիւն Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ Պրիւքսելի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումին` Պայրամով եւ Քլաար քննարկած են շրջանի վերջին զարգացումները, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլերը, ներառեալ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութիւնը, անոնք միտքերու փոխանակում կատարած են մարդասիրական հարցերու շուրջ:
Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ուղիղ Հաղորդակցութիւնները
Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ուղիղ հաղորդակցութիւնները եւ համագործակցութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Կարեւոր զարգացում` անցեալ շաբթուան պրիւքսելեան հանդիպումէն ետք: Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի անմիջական հաղորդակցութիւններուն եւ ներգրաւուածութեան»:


