Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Պատրաստ Ենք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման, Ներառեալ Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ»

April 11, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կառուցման:

Այս մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ծառայութենէն յայտնած են` պատասխանելով «Լուրերու» այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները յանձնառո՞ւ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան առաքելութեան համահունչ` Լեռնային Ղարաբաղի համապարփակ լուծման հոլովոյթին: «Լուրերը» յիշեցուցած է, որ մէկ օր առաջ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած էր. «Մեր, այսպէս կոչուած, ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները, ռուսատեաց մոլագարութեան մէջ ձգտելով ջնջել Ռուսիոյ առնչուած ամէն բան, ջնջած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, որ չեն ուզեր այդ ձեւաչափով մեզի հետ հաղորդակցիլ»:

«Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կը յորդորենք աշխուժացնել իրենց դիւանագիտական հաղորդակցութիւնը եւ շարունակել օգտուիլ ուղղակի հաղորդակցութեան համար գոյութիւն ունեցող մեքանիզմներէն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուող կամ վերջինիս պատճառով յառաջացած խնդիրներու համար համապարփակ լուծումներ գտնելու նպատակով եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի հասնելու եղանակով», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան նամակին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն պատրաստ ըլլալ այս նախաձեռնութիւններուն մէջ աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մեր կարողութիւններու ծիրին մէջ», յայտնած են նախարարութենէն:

 

 

Նախորդը

«Էինք Եւ Պիտի Մնանք» Կարգախօսով` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Տարբեր Ընտրաշրջաններու Իր Ընտրացանկերը Եւ Դաշինքները

Յաջորդը

Փութինն Ու Ալիեւը Խօսած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Սահմանազատման Հարցերուն Մասին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.