Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 1-էն 15 մարտ 2022 ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդուած սակը 8518 լիբ. ոսկի է, իսկ 16-էն 31 մարտ 2022-ին` 9722 լիբ. ոսկի, այսինքն` մարտ 2022 ամսուան միջինը` 9120 լիբ. ոսկի:
Միւս կողմէ, Պուրճ Համուտի տարբեր թաղամասերու ելեկտրական հոսանքի ընդհատումի միջինը, որուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակները բանեցան, մարտ 2022-ին 421 ժամ էր:
Ուստի կը յայտարարենք.
Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2022 մարտ ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.
* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 430 հազար լ. ո. (չորս հարիւր երեսուն հազար լիբ. ոսկի):
* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 1 միլիոն 290 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն երեք հարիւր իննսուն հազար լիբ. ոսկի)
* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերին համար գանձել 2 միլիոն 150 հազար լ. ո. (երկու միլիոն հարիւր յիսուն հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6, 10®) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:
Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է, եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներուն կողմէ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերու ընդհատումը պիտի ըլլայ 7-8 ժամով` հետեւեալ ձեւով.
Շաբթուան բոլոր օրերը, բացի կիրակի օրերէն.
– կէս գիշերուան ժամը 12:00-էն 6:00
– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30
Կիրակի օրերը.
– առաւօտեան ժամը 2:00-էն 7:00
– կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-էն 11:00
– յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն 4:30
Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր ընդհատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:
Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:
Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:
Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.
5 ամփեր` 50 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 120 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներուն պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 70 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ


