Պաքու կը յայտարարէ, թէ մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու, եթէ Հայաստանը պատրաստ է լուրջ քայլերու դիմելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Թէ ի՛նչ քայլերու մասին է խօսքը` պաշտօնական յայտարարութիւնը չի յստակացներ:
«Եթէ հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագիրը չի նկատեր իբրեւ հասարակութիւնը տեղեակ պահելու հերթական քայլ, այլ` լուրջ քայլ, ապա ժամանակն է որոշակի քայլեր ձեռնարկելու: Կ՛ուզենք դարձեալ ընդգծել, որ Ազրպէյճանը ատոր պատրաստ է», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Պաքուն դարձեալ յիշեցուցած է լուծման այն հինգ սկզբունքները, զորս ներկայացուցած էր Հայաստանին` ընդգծելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է անոնց վրայ հիմնուած ըլլայ:
Մեկնաբանելով Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի երկուշաբթի օրուան յայտարարութիւնը, թէ անհրաժեշտ են միջազգային զսպման մեքանիզմներ` հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, թէ զսպման լաւագոյն ձեւը միջազգային օրէնքն է, ներառեալ «այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելը եւ պետութիւններու գերիշխանութեան ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն նկատմամբ յարգանքը»: Հայաստանը, ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, չի յարգեր միջազգային օրէնքը եւ «չի կրնար խօսիլ միջազգային զսպման մեքանիզմի մասին»:
Պնդելով, թէ Երեւանը կը խախտէ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն եռակողմ յայտարարութեան կէտերը, Պաքուն կը յայտարարէ, որ ճիշդ ատիկա «կը մեծցնէ շրջանին մէջ լարուածութեան աստիճանը եւ կը վտանգէ խաղաղարար ջանքերը»: